Jump to content

Զաս

Զաս
Զաս՝ ձիւնոտ
Վայր Նաքսոս, Քիքլատես, Էգէական ծով, Յունաստան
Յարաբերական
բարձրութիւն
1004 մեթր
Բարձրագոյն գագաթ Զաս

Զաս լեռ (յուն․՝ Ζας), Նաքսոս, Քիքլատես, Յունաստան։ Քիքլատեսի ամենաբարձր լեռը՝ 1004 մ․։

Զաս լեռը կը գտնուի 18 քլ․ հեռու Նաքսոսի մայրաքաղաքէն (Հորա)։ Անոր լանջերուն կան բազմաթիւ գիւղակներ։

Անունը յառաջ եկած է յունական դիցաբանութեան աստուածներու թագաւորէն, Զեւս։ Ըստ առասպելին, Զեւս Կրետէ ծնաւ եւ Նաքսոս մեծցաւ։ Լեռը լեռնագնացութեան յարմար է եւ ունի շատ արահետներ։ Անոր վրան կը գտնուի Զա քարայրը՝ հոն ուր Զեւս մեծցաւ։

Տանաքոս գիւղ

Լեռնագնացութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ֆիլոթի գիւղը

Զաս լերան ուղիէն եւ գագաթէն տեսարանը հիանալի է։ Նշմարելի են Քիքլատեսի գրեթէ բոլոր կղզիները։ Լեռնագնացութեան համար բաւական արահետներ կան։ Անոնցմէ մէկը կը սկսի Տանաքոս գիւղի մուտքին աջ կողմը գտնուող Այիա Մարինա եկեղեցիէն։ Առաջին խաչմերուկին, լեռնագնացները կը հետեւին ձախ արահետին։ Շատ չանցած, կը հանդիպին աղբիւրի մը։ Աղբիւրը չհասած, քանի մը մեթր առաջ, մարմարոտ ժայռի մը վրայ հին յունարէնով գրուած «ΟΡΟΣ ΔΙΟΣ ΜΗΛΩΣΙΟΥ» արձանագրութիւնը կը փաստէ թէ լեռը կը զուգորդի Զեւսի պաշտամունքին հետ։ Հետեւելով հօտերու արահետներուն, լեռնագնացները Զասի գագաթը կը հասնին։

Զա քարայր

Ուրիշ արահետ մը կը սկսի Ֆիլոթի գիւղէն։ Լեռնագնացը բոլորաձեւ ուղին կատարելէ եւ Զա քարայրէն անցնելէ ետք, մեկնակէտին կը վերադառնայ։

Լերան հիւսիս-արեւմտեան լանջին կը գտնուի Զա քարայրը՝ Զեւսին բնակարանը։ Գագաթէն վերադարձին լեռնագնացը կրնայ հասնիլ քարայրը, սակայն ճամբուն ուղին դժուարանցելի է։ Քարայրէն սկսող արահետ մը կը տանի դէպի ծառերով լեցուն բացատի մը եւ աղբիւրի մը (Արղիայի աղբիւր), ուրկէ Ֆիլոթի գիւղը 1քլ․ հեռաւորութեան վրայ է։

[1] [2] [3]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]