Jump to content

Վարուժան Նալպանտեան

10:16, 1 Մայիս 2024ի տարբերակ, ԱշոտՏՆՂ (քննարկել | Ներդրումներ)ի կողմէ
(տարբ.) ←Նախորդ տարբերակ | Վերջին տարբերակ (տարբ.) | Յաջորդ տարբերակ→ (տարբ.)
Վարուժան Նալպանտեան
Ծնած է 14 Դեկտեմբեր 1929(1929-12-14)
Ծննդավայր Գահիրէ, Եգիպտոս
Մահացած է 28 Օգոստոս 2010(2010-08-28) (80 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստան
Ուսումնավայր Խ. Աբովեանի Անուան Մանկավարժական Համալսարան
Մասնագիտութիւն արձակագիր, թատերագիր, թարգմանիչ

Վարուժան Նալպանտեան (14 Դեկտեմբեր 1929(1929-12-14), Գահիրէ, Եգիպտոս - 28 Օգոստոս 2010(2010-08-28), Երեւան, Հայաստան), հայ արձակագիր եւ թարգմանիչ։ Խորհրդային Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ՝ 1971[1]։

Վարուժան Նալպանտեան ծնած Գահիրէ, Եգիպտոս։ Նալպանտեան ուսանած է ֆրանսական, ապա հայկական դպրոցներու մէջ։

Աւարտած է Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» մանկավարժական կաճառի Հոգեբանութեան, տրամաբանութեան եւ հայոց լեզուի կաճառը։

Հեղինակ է թատրերգութիւններու եւ արձակ ստեղծագործութիւններու, որոնց մէջ ելակէտերը եղած են գոյութենականութիւնը, երազային իրապաշտութիւնը, երեւակայական իրապաշտպութիւնը։ Ան իր թատրերգութիւններուն մէջ անդրադարձած է աստուածաշնչական նիւթերու, իսկ դիմաստուերները[2]։

Ստեղծագործութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տպագրուած են մամուլի էջերուն. օրինակ՝ «Գարուն», «Նորք», «Նոր-Դար», «Կանչ», «Այսօր», «Ֆօն Ֆօն», բեմադրուած են Կիւմրիի ու Երեւանի թատերական կաճառներէն ներս՝ որպէս աւարտական աշխատանք։ 1990-ականներրուն համագործակցած է «Այսօր» շաբաթերթին հետ։

Նալպանտեանի երկերն են հետեւեալները՝ «Խայտաբղէտ խոհագրութիւն», «Ձմեռ պապին ածիլեցին», «Հրաժարեալները», «Բիբլիական թատերապատում, գիրք 1-2», «Տրդատ Երրորդ», «Ռադամես», «Այ քեզ բան», «Կայէն», «Մամոնտը եւ պապոնտը», «Այս նաւը ե՞րբ պիտի շարժուի», «Բուն եւ արեւածաղիկը», «Դարպասը երրորդ յարկում», «Կրկէսային երազանքներ», «Այս պատմութեան մէջ ի՞նչն է ճիշդը», «Անցումը», «Ձմեռ պապը գարնանը», «Անծանօթ աղջիկը», «Ձմեռ տատը», «Հրաչիկը - ձկան իւղը»[1]։

Թարգմանութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ֆրանսերէնէ թարգմանած է՝

  • «Թրիստանի եւ Իզոլտայի սիրավէպը»,
  • «Ադամանդ որոնողները»,
  • «Փիլիսոփայական եւ գեղագիտական երկեր»,
  • «Այս աշխարհի հզօրները»,
  • «Աւինիոնի սիրահարները» եւ այլն։

Բնագրերէն թարգմանած է Ժան Փոլ Սարթրի, Ալպէր Քամիւի, Էօժէն Իոնէսքոյի, Անույի, Տիւրասի, Արթուր Ադամովի, Ժոզէֆ Պետիէի, Մորիս Տրիւոնի, Էնրիքօ Տրիոլի եւ այլոց ստեղծագործութիւնները։

Վարուժան Նալպանտեանի ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են ռուսերէնի, սլովերէնի[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 «AV Production - Վարուժան Նալպանտեան»։ avproduction.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-09-21-ին։ արտագրուած է՝ 2022-02-28 
  2. 2,0 2,1 «ԱՐՁԱԿԱԳԻՐ ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-02-28