Jump to content

Բարձրախօս

Բարձրախօս կամ Խօսափող, սարք մը, որ առանցքային դեր խաղացած է մարդկային հաղորդակցութեան, ժամանցի, զուարճանքի եւ արհեստագիտութեան ընթացքի ձեւաւորման մէջ:

Բարձրախօսը կը հաւաքէ ձայնային ալիքները եւ զանոնք կը վերածէ ելեկտրական ազդանշաններու՝ փոխակերպման մեքանիզմներու միջոցով, ինչպիսիք են՝ ելեկտրամագնիսական մակածութիւնը (electromagnetic induction) կամ տարողութեան փոփոխութիւնները: Ստացուած ելեկտրական ազդանշանները այնուհետեւ կարելի է ենթարկել փոփոխութիւններու, զանոնք ձայնագրել կամ փոխանցել: Բարձրախօսներու տարբեր տեսակներ կ'օգտագործեն փոխակերպման տարբեր միջոցներ, սակայն ձայնային ներուժը ելեկտրական ազդանշաններու վերածելու հիմնարար սկզբունքը կը մնայ նոյնը:

Պատմական իրադարձութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ձայնի ուժեղացման հայեցակարգը սկիզբ առած է ԺԹ. դարու սկիզբէն: Սակայն 1800-ականներու կէսերուն ի յայտ կու գան տարրական առաջին բարձրախօսները:

1877 թուականին Էմիլ Պերլինըր կը մշակէ Բնածխային բարձրախօսը, որ կը դառնայ այն գիւտը, որ կը նշանաւորէ ժամանակակից ձայնի ուժեղացման ձեւերու ծնունդը: Այս սկզբնական բարձրախօսը կ'օգտագործէր բնածուխի (carbon) հատիկներ` ձայնային ալիքներուն ի պատասխան ելեկտրական հոսանք ձեւաւորելու համար:

Հետագայ տասնամեակները բարձրախօսի արհեստագիտութեան ուշագրաւ յառաջընթացի ականատես կ'ըլլան: Տէյվիտ Էտուարտ Հիուզ կը ներկայացնէ առաջին բարձրախօսը, որ կրնար ուժեղացնել ցած ու թոյլ ձայները, իսկ բնածխային բարձրախօսը կը բարելաւէ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ձայնի որակը[1]:

1910-ականներուն Էտուարտ Քրիսթոֆըր Ուէնթիի կողմէ խտարար բարձրախօսի գիւտը կ'աւելցնէ բարձր զգայնութիւն եւ ճշգրտութիւն` աւելցնելով ձայնային արձանագրութիւններու հնարաւորութիւնները: Այս նորամուծութիւնը լայն տարածում կը գտնէ հեռարձակման եւ շարժապատկերի արտադրութեան մէջ:

Բարձրախօսի հիմնական սկզբունքը կը կայանայ ներուժի մէկ ձեւը ուրիշ ձեւի մը փոխակերպման շուրջ: Երբ ձայնային ալիքները հասնին բարձրախօսի խտրոցին, անոնք զայն կը թրթռացնեն: Այս մեքանիքական թրթռացումները այնուհետեւ կը փոխակերպուին ելեկտրական ազդանշաններու` փոխակերպման տարբեր մեքանիզմներու միջոցով: Այս ազդանշանները կրնան մշակուիլ, ձայնագրուիլ կամ փոխանցուիլ:

Բարձրախօսի աշխատանքի հիմնական սկզբունքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բարձրախօսի աշխատանքի հիմնական սկզբունքը կը ներառէ հետեւեալ քայլերը.

  • Ձայնային ալիքներ

Երբ մարդ խօսի կամ ստեղծէ որեւէ ձայն, ան կը յառաջացնէ օդի ճնշման տատանումներ, որոնք ալիքներու տեսքով կ'անցնին օդի միջոցով: Այս ալիքները կը կրեն ձայնի ներուժը:

  • Խտրոց (Diaphragm)

Սովորական բարձրախօսը կ'ունենայ խտրոց մը, որ բարակ ու ճկուն թաղանթ մըն է` տեղադրուած յետին սալիկին (backplate) վրայ: Խտրոցը սովորաբար պատրաստուած կ'ըլլայ մետաղէ, կերպընկալէ կամ թուղթէ:

  • Շարժում` ձայնայինէ մեքանիքական

Երբ ձայնային ալիքները հարուածեն խտրոցը, կը թրթռացնեն զայն դէպի ետեւ ու առջեւ: Օդի տարբեր ճնշումը խտրոցին նկատմամբ կը ստեղծէ համապատասխան մեքանիքական շարժումներ:

  • Փոխանցում (Transduction)

Խտրոցի մեքանիքական շարժումները կը վերածուին ելեկտրական ազդանշաններու: Այս փոխակերպումը կը կատարուի տարբեր մեքանիզմներու միջոցով` իւրաքանչիւր բարձրախօս իր տեսակի.

Տինամիք բարձրախօսներ (Dynamic microphones)

Տինամիք բարձրախօսի պարագային, խտրոցին կցուած կ'ըլլայ մետաղալարերու փաթոյթ մը, որ տեղադրուած կ'ըլլայ բարձրախօսի մագնիսի մագնիսական դաշտին մէջ: Երբ խտրոցը թրթռայ, փաթոյթը կը շարժի մագնիսական դաշտէն ներս` յառաջացնելով ելեկտրական հոսանք մը պարոյրին մէջ`ըստ Ֆարատէյի ելեկտրամագնիսական մակածութեան օրէնքին (Faraday՛s law of electromagnetic induction): Այս հոսանքը ձայնային ալիքներու ելեկտրական ներկայացումն է եւ բարձրախօսին ելքային ազդանշանը (output signal):

Խտարար բարձրախօսներ (Condenser microphones)

Խտարար բարձրախօսները կ'օգտագործեն խտրոցի եւ յետին սալիկի դրուածքը` իբրեւ ընդարձակիչ (capacitor): Խտրոցը եւ յետին սալիկը հոս իրարմէ բաժնուած կ'ըլլան օդային փոքր բացուածքով մը: Երբ ձայնային ալիքները խտրոցին թրթռացում պատճառեն, խտրոցին ու յետին սալիկին միջեւ հեռաւորութիւնը կը փոխուի: Այս մէկը կը յանգի յիշեալ երկուքին միջեւ տարողութիւններու տատանումներու: Այս տատանումները կը յայտնաբերուին եւ կը վերածուին ելեկտրական ազդանշաններու: Խտարար բարձրախօսները կը պահանջեն ներուժ (մարտկոցներ)` յետին սալիկը լիցքաւորելու եւ ընդարձակիչի ելեկտրական յատկութիւնները պահպանելու համար:

Ելեկտրետ բարձրախօսներ (Electret microphones)

Այս բարձրախօսները խտարար բարձրախօսի տեսակ են, ուր մշտապէս լիցքաւորուած նիւթ մը (ելեկտրետ) կ'օգտագործուի`իբրեւ ընդարձակիչի սալիկներէն մէկը: Խտրոցի շարժումները կը յանգին իր եւ ելեկտրետի միջեւ հեռաւորութեան փոփոխութեան, եւ այդ մէկը կը պատճառէ տարողութեան տատանումներ, որոնք կը վերածուին ելեկտրական ազդանշաններու:

  • Ազդանշանի զօրացում (Amplification)

Փոխանցման մեքանիզմով յառաջացած ելեկտրական թոյլ ազդանշանները սովորաբար շատ տկար կ'ըլլան: Այս ազդանշանները պէտք է զօրացնել մինչեւ օգտագործելի մակարդակներ` նախքան զանոնք մշակելը կամ արձանագրելը: Բարձրախօսը կրնայ ունենալ ձայնի հզօրացման ներքին դրուածք մը, կամ կրնայ միացուիլ արտաքին զօրացուցիչի (amplifier):

  • Մշակում եւ փոխանցում

Հզօրացուած ելեկտրական ազդանշանը այնուհետեւ կարելի է մշակել, արձանագրել կամ փոխանցել` ըստ անհրաժեշտութեան: Անալոկային համակարգերու (analog systems) պարագային, ազդանշանը կարելի է ուղարկել անմիջապէս խառնիչի (mixer), արձանագրիչ սարքի կամ զօրացուցիչի (amplifier): Թուային համակարգերու (digital systems) պարագային, ազդանշանը կրնայ վերածուիլ թուային ձեւաչափի` հետագայ մշակման, պահպանման կամ փոխանցման համար:

Բարձրախօսին դերը՝ պատմութեան ընթացքին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քանի մը ուշագրաւ պատմական փաստեր եւ իրադարձութիւններ, ուր բարձրախօսը խոր ազդեցութիւն ունեցած է.

Հեռաձայնի գիւտը (ԺԹ. դարու վերջ)

ԺԹ. դարու աւարտին, Ալեքսանտր Կրահամ Պելլի եւ անոր ժամանակակիցներուն կողմէ հեռաձայնի գիւտին վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է բարձրախօսի արհեստագիտութեան յառաջընթացը: Պելլի սեփական աշխատանքը, մասնաւորապէս` բնածխային բարձրախօսի ձեւաւորման բարելաւման ուղղութեամբ, զգալիօրէն կը նպաստէ բարձրախօսի զարգացման: Այս նորամուծութիւնը կը յեղափոխէ հեռահար հաղորդակցութիւնը`թոյլ տալով ձայները փոխանցել ելեկտրական լարերու միջոցով[2]:

1870-ականներուն Ալեքսանտր Կրահամ Պելլի եւ Էլիշա Կրէյի կողմէ հեռաձայնի գիւտը յառաջացուցած էր արտօնագրային հռչակաւոր վէճ մը: Երկու գիւտարարներն ալ մշակած էին նմանատիպ բնածխային բարձրախօսներ, որոնք վճռորոշ դեր խաղացած էին երկար հեռաւորութիւններու վրայ ձայնը փոխանցելու գործին մէջ:

Ա.Համաշխարհային պատերազմ եւ ձայնասփիւռի հեռարձակումներ

Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, բարձրախօսները կարեւոր դեր խաղացած են հաղորդակցութեան դիւրացման եւ անհրաժեշտ թարմացումներու փոխանցման գործին մէջ: Բարձրախօսները կ'օգտագործուէին հրամանատարներու ձայնը բարձրաձայնելու համար`յստակ հաղորդակցութեան հնարաւորութիւն տալով պատերազմի ժամանակ եւ զարգացնելով բանակներու համակարգումը: Բացի անկէ`պատերազմը կ'արագացնէ ձայնասփիւռի արհեստագիտութեան զարգացումները, որոնք կը հիմնուէին բարձրախօսներու վրայ` զինուորներուն եւ քաղաքացիներուն նորութիւններ եւ զուարճանք փոխանցելով:

Ձայնասփիւռի ոսկեդարը (1920-1940-ականներ)

Ձայնասփիւռի հեռարձակման ծնունդը կը նշանաւորէ բարձրախօսի ժամանցի, լուրերու տարածման եւ մշակութային փոխանակման առաջնային միջոց: Աւելի զգայուն եւ ճշգրիտ բարձրախօսներու մշակումը կ'երաշխաւորէ աւելի բարձր որակի հեռարձակումներ`երաժշտութեան, թատրոնի եւ խօսքի նրբութիւնները ամրագրելու հնարաւորութիւն տալով: Այս դարաշրջանը կը տեսնէ ձայնասփիւռի խորհրդանշական դէմքերու վերելք եւ զանգուածային լրատուամիջոցներու տարածում:

Բեմական ձայներու զօրացում

Թատրոնի սկզբնական շրջանին, դերասանները յաճախ կ'օգտագործէին խոռոչաւոր եղէգներ կամ մեկաֆոններ` իրենց ձայնը զօրացնելու համար: Բնածխային բարձրախօսը կը յեղափոխէ թատրոնի ձայնային համակարգը` առիթ ընծայելով դերասաններուն յստակ լսուելու`առանց նեղացուցիչ սարքերու դիմելու:

Քաղաքական եւ հրապարակային ելոյթներ (Ի. դար)

Բարձրախօսները մեծ ազդեցութիւն ունեցած են քաղաքական եւ հանրային ելոյթներու վրայ` առաջնորդներուն եւ բանախօսներուն յստակ եւ ազդեցիկ կերպով մեծ լսարաններէն ներս ժողովուրդին դիմելու հնարաւորութիւն տալով: Նշանաւոր օրինակներէն մէկն է Մարթին Լուտըր Քինկ Կրտսերի «I have a dream» ելոյթը, 1963-ին Ուաշինկթընի մէջ, «Յանուն աշխատանքի եւ ազատութեան» երթի ատեն: Բարձրախօսը կը բարձրաձայնէ անոր ազդու խօսքերը եւ կ'օգնէ անոր ուղերձը հասցնելու զանգուածային հաւաքին եւ միլիոնաւոր ունկնդիրներուն լրատուամիջոցներու լուսաբանման ներքոյ:

Երաժշտութեան ձայնագրում եւ կատարում

Բարձրախօսները յեղափոխութիւն կատարած են երաժշտական արդիւնաբերութեան մէջ`երաշխաւորելով վստահելի եւ բարձրորակ ձայնագրումները եւ կենդանի կատարումները:

Ի. դարու կէսերուն, տինամիք եւ խտարար բարձրախօսներու զարգացումը կը նպաստէ տարբեր տեսակի երաժշտութեան ժանրերու յառաջացման, ինչպիսիք են`ռոք էնտ ռոլը, ճազը եւ փոփը: Երաժիշտները այժմ կրնան ամրագրել իրենց կատարումներու նրբութիւնները ձայնային արձանագրութիւններուն մէջ եւ աւելի մեծ հանդիսատես ներգրաւել ուղիղ համերգներուն:

Խտացումը

Նախասկզբնական շրջանի խտարար բարձրախօսները կը պահանջէին բարձր վոլթաժի սնուցման աղբիւրներ: Այդ մէկը զանոնք կը դարձնէր զանգուածով մեծ եւ աւելի քիչ շարժական: Ժամանակակից խտարար բարձրախօսները, սակայն, յաճախ կ'ապաւինին ֆանթոմային ներուժի, որ կը տրամադրուի խառնիչներով կամ ձայնային տարբեր գործիքներով[3]:

Հեռատեսիլային հեռարձակում

Հեռատեսիլային հեռարձակման մէջ բարձրախօսներու կիրարկումը կը յեղափոխէ տեսալսողական բովանդակութիւնը: Շարժող պատկերներու կողքին, յստակ ձայներ արձանագրելու ունակութիւնը թոյլ կու տայ զարգացնել հեռատեսիլային արդիւնաբերութիւնը: Բարձրախօսները կը դառնան նորութիւններու, հարցազրոյցներու եւ վաւերագրական հաղորդումներու անբաժանելի մասը:

Տիեզերական հետազօտութիւն եւ լուսինի վայրէջքը (1969 թուական)

Պատմական «Ափոլօ 11»-ի` լուսինի վայրէջքը 1969 թուականին ունէր մշակուած յատուկ բարձրախօս մը, որ կապի սարքաւորումներու մէկ մասն էր: Տիեզերագնացներ Նիլ Արմսթրոնկ եւ Պազ Օլտրին օգտագործած են այդ մէկը լուսինի մակերեսէն իրենց պատմական առաջին քայլերն ու երկխօսութիւնը փոխանցելու համար Երկիր մոլորակի միլիոնաւոր մարդոց` ստեղծելով անմոռանալի պահ մը մարդկութեան պատմութեան մէջ:

Թուային ձայնի յեղափոխութիւն

Ի. դարու աւարտին, թուային արհեստագիտութեան անցումը կը փոխակերպէ բարձրախօսի արհեստագիտութիւնը եւ ձայնի մշակումը: Խտարար բարձրախօսները, թուային ազդանշանի յառաջադէմ մշակման հետ մէկտեղ, կը դառնան ժամանակակից ձայնագրման սթուտիոներու եւ հեռարձակող կողմերու կարեւոր բաղադրիչները:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Տէյվիտ Էտուարտ Հիուզի գիւտը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-11-01-ին։ արտագրուած է՝ 2024-07-11 
  2. Հեռաձայնի գիւտը
  3. Բարձրախօսը
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։