Jump to content

Պրէյքտենսը 2024-ի Ողիմպիականին

Պրէյքտենս, Քաղաքային պարի ոճ, որ ծագած է 1970-ական թուականներուն, Նիւ Եորքի մէջ:

2024-ի ամառնային Ողիմպիական խաղերը կը սկսին 26 Յուլիսին, Ֆրանսայի Փարիզ մայրաքաղաքին մէջ, իրենց յայտագիրին մէջ ընդգրկելով չորս նոր մարզաձեւեր`պրէյքտենս[1], սըրֆ, սքէյթպորտ եւ յատուկ պատի մագլցում:

2024-ի Ողիմպիական խաղերուն պրէյքտենսի մրցումը կը բաղկանայ երկու բաժինէ`այր մարդոց յատուկ մրցում եւ կիներու յատուկ մրցում: Իւրաքանչիւր մրցաշարքի մասնակցող 16 մարզիկ կը զատուի իրենց իւրայատուկ ոճին եւ շարժումներու հիման վրայ: Եւ որպէսզի մրցակցութիւնը արդար ըլլայ, անոնցմէ կը պահանջուի իրենց պարին մէջ ներառել կարգ մը ստիպողական շարժումներ[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Նոր մարզաձեւեր
  2. Պրէյքտենս