Նորավանք
Նորավանք | |
---|---|
| |
Հիմնական տեղեկութիւններ | |
Ճարտարապետական նկարագրութիւն | |
Առանձնայատկութիւններ |
Նորավանք (Ամաղիի Նորավանք), ԺԳ.-ԺԴ.- դարերուն կառուցուած վանքային համալիրին ընդհանուր անունն է։ Կը գտնուի Վայոց ձորի մարզին մէջ, Ամաղիի գիւղէն 3 քմ հիւսիս-արեւելք։ Ըստ Ստեփանոս Օրբելեանի, սրբատեղին կառուցուած է Միջնադարուն։
Պատմութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նորավանքը ԺԳ. դարու սկիզբը եղած է Սիւնիքի հոգեւոր կեդրոնը, Օրբելեան իշխանատան տոհմական տապանատունը։ Այստեղ ԺԲ. դարու երկրորդ կէսին գործած է ճարտարապետ Սիրանեսը, 4-րդ-1-ի կէսին՝ նշանաւոր մանրանկարիչ, քանդակագործ եւ ճարտարապետ Մոմիկը:
Վանքի պարսպապատ տարածքին մէջ կը գտնուին Ս. Կարապետ գլխաւոր եկեղեցին, անոր արեւմուտքը՝ Գաւիթը, հիւսիսը՝ Սմբատ իշխանի դամբարանը։ Կառոյցներու գլխաւոր խումբէն հարաւ-արեւելք Բուրթել իշխանի երկյարկ դամբարան-եկեղեցին է։ Արեւմտեան կողմը պահպանուած է նաեւ առանձին շէնքերու մնացորդներ, պարսպապատ տարածքէն արեւելք՝ կոպտատաշտ քարէ կառուցուած երկու մատուռներ եւ այլ շէնքերու հիմապատեր։
Նորավանքի համալիրի գլխաւոր Ս. Կարապետ եկեղեցին կառուցած է իշխան Լիպարիտ Օրբելեանը (1216-1223)-ին։ Անոր ներսը, չորս անկիւններով երկյարկ աւանդատուներով գմբէթաւոր կառոյց է։ Միակ մուտքը արեւմուտքէն է եւ կը բացուի դէպի Գաւիթը, որ եղած է Օրբելեան տոհմին եւ վանքին առաջնորդներուն տապանատունը։ Կ'ենթադրուի, որ Գաւիթը կառուցուած է եկեղեցիներու աւարտէն անմիջապէս ետք։ Գաւիթը 1261-ին, Սմբատ Օրբելեանի նախաձեռնութեամբ, վերակառուցուած է Սիրանես ճարտարապետին կողմէն։ Հետագային՝ 1321-ին երկրաշարժի հետեւանքով կրկին վնասուած է կառոյցը։ Ամենայն հաւանականութեամբ, վերակառոյցը իրականացուցած է Մոմիկը, որ նոր աւարտած էր Արենիի եկեղեցին։ Գլխաւոր եկեղեցւոյ հիւսիսային պատին շարքին կը գտնուի Սմբատ իշխանին դամբարանը՝ Ս. Գրիգոր եկեղեցին (որ կառուցած է ճարտարապետ Սիրանեսը 1275-ին)։
Համալիրի Բուրթել իշխանի գլխաւոր եկեղեցին Աստուածածին եկեղեցին է (1339)։ Կառոյցին ուղղանկիւն յատակագիծով կիսագետնափոր առաջին յարկի դամբարանին վրայ կը բարձրանայ երկրորդ յարկի խաչաձեւ աղօթարանը, որ կը տանի դէպի պատին մէջ ագուցուած պահունակային աստիճաններուն։ Չորս պատերէն աւանդութիւներ ունեցող այս յօրինուածքը պսակուած է սիւնազարդ կառոյցով։
ԺԷ.-ԺԸ. դարերու վանքը շրջափակուած էր պարիսպով։ Այդ ժամանակաշրջանին ալ թուագրուած են ինչպէս պարսպապատ տարածքին ներսը, նոյնպէս անոր դուրսը, արեւելեան կողմէ եղած կառոյցներու մնացորդները։ Համալիրի տարածքին մէջ կան բազմաթիւ խաչքարեր, որոնց մէջ իրենց բարձր գեղարուեստական արժանիքներով առանձնացուած են Մոմիկին խաչքարերը։
Աւանդութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վարպետ Մոմիկ կը սիրահարի Սիւնեաց իշխանին գեղեցիկ աղջկան։ Աղջիկն ալ կը հաւնի Մոմիկը: Սիւնեաց իշխանը կը կանչէ Մոմիկը եւ կ'ըսէ. «Աղջիկս կու տամ քեզի, եթէ տարուան մէջ նոր գեղեցիկ վանք մը շինես ինծի համար»: Երիտասարդ վարպետը կ'ընդունի իշխանին պայմանը եւ գործի կը լծուի։ Ապառաժներուն քարերը կտրելով եւ տաշելով քիչ կը մնայ, որ որոշուած ժամանակին աւարտէ վանքին շինութիւնը։ Իշխանը կ'իմանայ եւ իր հրամանով ծառան կը բարձրանայ վանքին գմբէթը, եւ անկէ վար կը հրէ Մոմիկը: Մոմիկին տաշած վերջին քարը անոր շիրիմին քարը կը դառնայ[1][2][3]:
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
Սբ. Աստուածածին եկեղեցին՝ Սբ. Կարապետ եւ Սբ. Գէորգ (աջ) եկեղեցիներուն հետ
-
Հայր Աստուծոյ քանդակը
-
Որդան կարմիրով աշխատցուած զարդանախշը Սբ. Գրիգոր եկեղեցւոյ առաստաղին վրայ
-
Մոմիկի գերեզմանը
-
Նորավանք 14.07.2018