Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ Դուք կրնաք օգնել ծրագիրին՝ տեղադրուած տեղեկութիւններուն հաւաստիութիւնը գտնելով վստահելի աղբիւրներու մէջ եւ այդ աղբիւրները յղումներու տեսքով աւելցնելով յօդուածին մէջ։ Չհիմնաւորուած աղբիւրները ենթակայ են հեռացման։
Մանթովա (Մանթուա, իտալ.՝ Mantova), քաղաք հիւսիսային Իտալիոյ մէջ, իտալական Լոմպարտիա տարածաշրջանին մէջ, համանուն նահանգին վարչական կեդրոնն է։ Քաղաքին մէկ կողմէն միւսը կը հոսի Մինչօ գետը։ Քաղաքին քրիստոնեայ սուրբ հովանաւորն է՝ Սուրբ Անսելմոսը։ Քաղաքին օրը կը նշուի Մարտ 18-ին։ Մանթովայի մէջ ծնած է Վերկիլիոսը (հին հռոմէացի բանաստեղծ)։ Բնակչութիւնը՝ 48 653 մարդ (1 Յունուար2023)[2]։