Հռոմի Ֆորում
Հռոմի Ֆորում Forum Romanum | |
---|---|
Պատկեր:Forum Romanum (16640231981).jpg ' | |
| |
Կը Գտնուի | Հռոմ, Իտալիա |
Շինութեան ձեւ | համալիր |
Ներկայ վիճակ | աւերակ |
Հռոմի ֆորում (լատ.՝ Forum Romanum, իտալ.՝ Foro Romano), ուղղանկիւն հրապարակ Հռոմի կեդրոնը՝ շրջապատուած որոշ նշանաւոր հնադարեան կառավարական շինութիւններու աւերակներով։ Հին քաղաքի բնակիչները այս վայրը սկիզբը կը յիշատակէին որպէս առեւտուրի հրապարակ՝ Forum Magnum կամ պարզապէս Forum:
Անիկա դարեր շարունակ եղած է Հռոմի հասարակական կեանքի՝ Հռոմի յաղթական երթերու եւ ընտրութիւններու, հանրային ելոյթներու, Հռոմի քրէական դատավարութիւններու, կլատիաթորական մրցոյթներու եւ առեւտրային յարաբերութիւններու կեդրոնը։ Այստեղ արձաններն ու յուշարձանները կ'անմահացնէին քաղաքի անուանի մարդիկը։ Հին Հռոմի մէջ անիկա կը համարուէր ամենայայտնի հանդիպման վայրը, ինչպէս նաեւ աշխարհի ողջ պատմութեան ընթացքին[1]: Գտնվելով Փալատինում եւ Կապիթոլիում բլուրներու միջեւ՝ ֆորումը այսօր աւերակ է՝ լի ճարտարապետական բեկորներով եւ անընդմէջ կատարուող հնագիտական պեղումներով, որոնք կը գրաւեն տարեկան աւելի քան 4.5 միլիոն այցելուներու[2]:
Հին քաղաքի ամենահին եւ ամենանշանաւոր կառոյցները կը գտնուէին ֆորումի մօտակայքը։ Հռոմի թագաւորութեան առաջին սրբատեղիներն ու տաճարները կը գտնուէին հարաւարեւելեան հատուածին մէջ։ Ատոնք կը ներառէին հնադարեան նախկին թագաւորական նստավայրը՝ Ռեկիան (ք.ա. 8-րդ դար), եւ Վեստայի տաճարը (ք.ա. 7-րդ դար), ինչպէս նաեւ իր շուրջը գտնուող Վեստալուհիներու տունը, որոնք բոլորը վերակառուցուած են Հռոմէական կայսրութեան հզօրացումէն ետք։
Հիւսիս-արեւմուտքը կը գտնուին այլ հինաւուրց սրբատեղիներ, ինչպիսիք են Ումպիլիկուս Ուրպիսը (լատ.՝ Umbilicus Urbis)` Հռոմի պորտը, եւ Վուլկանալը (լատ.՝ Vulcanal)՝ Վուլկան աստուծոյ սրբատեղին, որ կառուցուած է Հռոմի հանրապետութեան նախկին կոմիցիումի մէջ (հաւաքատեղի, լատ.՝ Comitium)։ Այստեղ է ձեւաւորուած Հռոմի սենատը, ինչպէս նաեւ հանրապետական կառավարութիւնը։ Այս տարածքին աստիճանաբար յայտնուած են սենատը, կառավարական գրասենեակներ, տրիբունալներ, տաճարներ, յուշարձաններ եւ արձաններ։
Ժամանակի ընթացքին հնադարեան կոմիցիումը փոխարինուեցաւ յարակից աւելի մեծ ֆորումով եւ դատական գործընթացները տեղափոխուեցան նորակառոյց Էմիլիայի պազիլիք (179)։ 130 տարի ետք Յուլիոս Կեսարը կառուցեց Յուլիայի պազիլիքը, ինչպէս նաեւ Քուրիա Յուլիան, որոնք կ'ընդգրկէին դատական մարմիններն ու սենատը։ Այս նոր ֆորումը այն ժամանակ կը ծառայէր որպէս վերակենդանացած քաղաքի հրապարակ, ուր աւելի մեծ թիւով հռոմէացիներ կարող էին հաւաքուիլ ինչպէս առեւտրային եւ քաղաքական, այնպէս ալ դատական եւ կրօնական գործերով։
Ի վերջոյ, տնտեսական եւ դատական գործերու մեծ մասը ֆորումէն տեղափոխուեցաւ հիւսիսը գտնուող աւելի ընդարձակ եւ աւելի շքեղ շինութիւններ՝ Տրայանոսի ֆորում եւ Ուլպիայի պազիլիք: Կոնստանդինոս Ա.-ի կառավարման օրերուն կառուցուեցաւ ֆորումի վերջին հսկայական շինութիւնը՝ Մաքսենտիոսի պազիլիքը (321)։ Ատորմով ֆորումը կրկին դարձաւ քաղաքական կեդրոն մինչեւ Արեւմտեան Հռոմէական կայսրութեան անկումը՝ գրեթէ 2 դար ետք։
Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ի տարբերութիւն Հռոմի աւելի ուշ շրջանի կայսերական հրապարակներու, որոնք կառուցուած են հին յունական քաղաքային հրապարակներու ձեւով, Հռոմի ֆորումը զարգացած է աստիճանաբար եւ մաս առ մաս՝ երկար դարերու ընթացքին[3]: Չնայած անոր, որ Սուլլան, Յուլիոս Կեսարը, Օգոստոսն ու այլք փորձած են կարգուկանոն հաստատել այդտեղ, անոնց ատիկա որոշ չափով յաջողած է։ Արդէն կայսերական շրջանին մեծ հասարական կառոյցները, որոնք կուտակուած էին կեդրոնական հրապարակին վրայ, նուազեցուց էին բացօթեայ տարածքը 50 մեթրով՝ հասցնելով 150 մեթրի, իսկ որոշ տուեալներով՝ 75 մեթրով՝ հասցնելով 200 մեթրի։ Ֆորումի երկարութիւնը կը ձգուէր հիւսիս-արեւմուտքէն հարաւ-արեւելք եւ կը տարածուէր Կապիտթլիում բլուրէն մինչեւ Վելիում բլուր։ Ֆորումի կայսերական շրջանի պազիլիքները՝ Էմիլիայի պազիլիքը հիւսիսը ըպ Յուլիայի պազիլիքը հարաւը, կ'եզրագծէին անոր երկարութիւնը ու կ'ապահովէին վերջնական տեսքը։ Զուտ ֆորումը կ'ընդգրկէր հրապարակը, զայն շրջապատող շինութիւններն ու երբեմն նաեւ յաւելեալ տարածք (լատ.՝ Forum Adjectum), որ կը ձգուի մինչեւ Տիտոսի յաղթակամար[4]:
Սկիզբը ֆորումի տարածքին ճահճային լիճ էր, ուր կճ լեցուէին մօտակայ բլուրներէն հոսող ջուրերը։[5] Անիկա ցամաքեցուած է Մեծ կոյուղիի (լատ.՝ Cloaca Maxima) միջոցով Տարքուինիոս Աւագի կողմէ։ Տիպեր գետի վարարումներէն յառաջացած նստուածքի եւ մօտակայ բլուրներու քայքայման արդիւնքի ֆորումի գետինը դարերու ընթացքին անընդհատ բարձրացած է։ Սալայատակներու մնացորդներու պեղումները ցոյց կու տան, որ մօտակայ բլուրներու քայքայման արդիւնքով յառաջացած նստուածքը արդէն կը բարձրացնար մակարդակը հանրապետութեան վաղ շրջանին[6]:
Քանի որ կառոյցներու շրջակայ տարածքը կը բարձրանար, բնակիչները պարզապէս ճանապարհները կը սալարկէին մնացորդներու վրայ, քանի որ ատոնք չափազանց շատ էին հեռացնելու համար։ Ֆորումի վերջին տրաւերտինէ սալայատակը, որ դեռ տեսանելի է, կառուցուած է թերեւս Օգոստոս կայսեր օրերուն։ 19-րդ դարի պեղումները բացայայտած են մէկը միւսի վրայ կառուցուած շերտեր։ Պեղումներու ամենախոր շերտը ծովի մակարդակէն բարձր էր ընդամէնը 3.60 մեթր։ Հնագիտական գտածոները ցոյց կու տան, որ այդ մակարդակի վրայ եղած է մարդկային գործունէութիւն՝ յայտնաբերելով կարբոնացուած փայտ։[7]
Ե՛ւ հանրապետութեան, ե՛ւ կայսերական շրջանին ֆորումի ամենակարեւոր գործառոյթը կը կայանար անոր մէջ, որ անիկա կը ծառայէր որպէս ռազմական շքերթներու (Հռոմի տրիումֆներու), տօնակատարութուններու կիզակետային վայր։ Յաղթած հրամատատարները քաղաք կը մտնէին արեւմտեան Յաղթանակի դարպասով (լատ.՝ Porta Triumphalis) եւ յաղթական պտոյտ կը կատարէին Փալատինում բլուրի շուրջ, այնուհետեւ Վելիում բլուրէն Վիա Սաքրայով կը հասնէին ֆորում։[8] Այստեղէն անոնք կը բարձրանային Յուպիտեր Օպտիմուս Մաքսիմուսի տաճար՝ Կապիթոլիումի գագաթին։ Այնուհետեւ կը վերադառնային ֆորում՝ հանրութեան համար ճոխ խնճոյքներ կազմակերպելու համար։[9]
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հռոմի Թագաւորութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ֆորումի սկզբնական ցածադիր, խոտով ծածկուած ջրատարածքները ցամաքեցուած են ք.ա. 7-րդ դարուն Մեծ կոյուղիի կառուցմամբ, քանի որ աւելի մեծ թիւով մարդիկ սկսան բնակիլ 2 բլուրներուն միջեւ:
Ըստ աւանդոյթի՝ ֆորումի ստեղծումը պայմանաւորուած է Փալատինի մէջ բլուրի վրայ իշխող Հռոմուլոսի՝ Հռոմի առաջին թագաւորի, եւ իր մրցակիցի՝ Կապիթոլիի բլուրի տիրակալ Տիտուս Տատիոսի հաշտութեամբ։ Պայքարէն ետք հաշտութիւնը ձեռք բերուած է սապինուհիներու աղօթքներու շնորհիւ: Գտնուելով 2 բլուրներուն միջեւ՝ անիկա 2 կողմերու հանդիպման վայրը կը հանդիսանար։ Այդտեղ՝ Վուլկանալի մօտ, ըստ պատմութեան, 2 կողմերը վար դրած են իրենց զէնքերը եւ հաշտութիւն կնքած են։[10]
Ֆորումը կը գտնուէր սապինուհիներու ամրոցի պարիսպներէն դուրս, իսկ մուտքը Սաթուրնի դարպասէն էր։ Այդ պարիսպները հիմնականօրէն փլուզուած են երկու բլուրներու միացումէն։[11] Սկիզբը ֆորումը կը հանդիսանար կոմիցիումին յարակից բացօթեայ շուկայ, բայց հետագային քաղաքական ելոյթները, քաղաքացիական դատավարութիւնները եւ այլ հասարակական միջոցառումներ սկսան աւելի շատ տարածուիլ ֆորումին մէջ, ուստի աճող բնակչութեան կարիքները հոգալու համար տարբեր հրապարակներ ստեղծուեցան ամբողջ քաղաքին մէջ։
Վարկածներէն մէկուն համաձայն՝ Հռոմի երկրորդ թագաւորը՝ Նումա Փոմպիլիոսն (իշխած է ք.ա. 715–673 թուականներուն) հիմք դրած է Վեստայի պաշտամունքին՝ կառուցելով Վեստալուհիներու տունը եւ Վեստայի տաճարը, ինչպէս նաեւ Ռեկիան՝ քաղաքի առաջին թագաւորական պալատը։ Աւելի ուշ Տուլլոս Հոստիլիոսը (իշխած է ք.ա. 673–642 թուականներուն) կոմիցիումը տեղափոխեց հին Էտրուսկեան տաճար, ուր կը հաւաքուէր սենատը։ Ան նաեւ վերակառուցեց տաճարը՝ անուանելով Կուրիա Հոստիլիոս, որ աւելի մօտ էր հին էտրուսկեան տնակին, ուր սկզբնական շրջանին կը հաւաքուէր սենատը։
Հռոմի Հանրապետութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հանրապետութեան շրջանին կոմիցիումը թերեւս կը շարունակէր կեդրոնական տեղ զբաղեցնել քաղաքի դատական եւ քաղաքական կեանքին մէջ։[12] Ինչեւէ, աւելի մեծ հաւաքատեղի ստեղծելու համար սենատը սկսաւ ընդարձակել կոմիցիումի եւ Վեստայի տաճարի միջեւ ինկած բացօթեայ տարածքը՝ գնելով եւ քանդելով մօտակայ առանձնատները։ Որոշ հիւպատոսներու կառուցապատման նախագիծերը կ'իրականացուէին կոմիցիումի եւ մօտակայ կեդրոնական հրապարակի վրայ, որ կը վերածուէր ֆորումի։[13]
Ֆորումի առաջին տաճարները, որոնց կառուցման տարեթիւրը յայտնի են, յառաջացած են ք.ա. 5-րդ դարուն։ Ատոնք են՝ Սաթուրնի տաճարը (Ք.ա. 497) եւ Կաստորի եւ Պոլուքսի տաճարը (ք.ա. 484)։[14] Քոնքորտի տաճարը կառուցուած է յաջորդ դարուն զինուորական եւ քաղաքական գործիչ Մարքոս Ֆուրիոս Կամիլլոսի կողմէ։ Տրիբուն Կայոս Լիցինիոսն առաջինն էր, որ ընդհարուեցաւ էլիտայի հետ ֆորումի պատճառով։ Այդ քայլը կրկնուեցաւ 2 դար ետք Կայոս Գրակիոսի կողմէ։[15]
Ասով սկիզբ դրուեցաւ օրէնքի մը (լատ.՝ locus popularis), ըստ որուն երիտասարդ ազնուականները իրաւունք կը ստանային Ռոստրայէն խօսելու ժողովուրդին հետ։ Գրակիոսին հետեւաբար մեղադրեցին Հին Հռոմի իրենց նախնիներու աւանդոյթները խախտելու համար(լատ.՝ mos maiorum)։ Ք.ա. 318-ին, երբ Կայոս Մենիոսը թերեւս սենսոր էր, ան ֆորումի շրջակայ շինութիւններուն աւելցուց պատշգամներ (մենիանա՝ լատ.՝ maeniana), որպէսզի հանդիսատեսը աւելի լաւ տեսնէ այնտեղ կառուցուած ժամանակաւոր փայտէ արենաներուն մէջ տեղի ունեցող խաղերը։
Հռոմի ֆորումին մէջ տեղադրուեցան նաեւ տրիբուններու համար նախատեսուած նստարաններ։ Սկիզբը անոնք կը գտնուէին սենատի կողքին, այնուհետեւ՝ Հռոմի հանրապետութեան ուշ շրջանին, ատոնք տեղադրուեցան Պորցիայի պազիլիքի առջեւ:
Առաջին պազիլիքները կառուցուած են ֆորումին մէջ ք.ա. 184-ին Կատոն Աւագի (Մարքոս Պորկիոս Կատոն) կողմէն։ Ֆուլուիայի պազիլիքը կառուցուած է ֆորումի հրապարակի հիւսիսային հատուածին մէջ ք.ա. 179-ին (անիկա վերակառուցուած եւ վերանուանուած է մի քանի անգամ՝ Ֆուլուիայի եւ Էմիլիայի պազիլիք, Փաուլիի պազիլիք, Էմիլիայի պազիլիք)։ 9 տարի ետք Սեմպրոնիոսի պազիլիքը կառուցուեցաւ հարաւային մասին մէջ։[16]
Շատ սովորութիւններ՝ կարեւոր հաւաքներ, ազնուականներու յուղարկաւորութիւններ ու խաղեր, աստիճանաբար կոմիցիումէն տեղափոխուեցան ֆորում։ Յատկապէս նշանակալի էր այսպէս կոչուած ազգային ժողովի (լատ.՝ comitia tributa) տեղափոխումը, որ ք.ա. 145-ին կը հանդիսանար քաղաքական կարեւոր գործօն։ Ք.ա. 133-ին կարեւոր ու աննախադէպ քաղաքական իրադարձութիւններ տեղի ունեցան ֆորումին մէջ, երբ խումբ մեջ սենատորներ այնտեղ սպաննեցին տրիբուն Տիպերիոս Գրակիոսին։[17]
Ք.ա. 80-ական թուականներուն Սուլլայի բռնապետութեան օրերուն հսկայական աշխատանք տարուած է ֆորումին մէջ, հրապարակի մակարդակը բարձրացած է գրեթէ մէկ մեթրով եւ դրուած են մարմարէ սալաքարեր։[18]
Ք.ա. 78-ին Կապիթոլին բլուրի վրայ՝ ֆորումի եզրին, այդ տարուան հիւպատոսներուն՝ Մարքոս Լեպիտոս Էմիլիոսի եւ Քուինտոս Կատուլոսի հրամանով կը կառուցուի վիթխարի Տապուլարիումը: Ք.ա. 63-ին Ցիցերոնը իր յայտնի ելոյթի միջոցով ֆորումի Քոնքորտի տաճարին մէջ, կը դատապարտէ դաւադիր Կատիլինայի համակիրներուն։ Դատավճիռէն ետք անոնց կը տանին Թուլիանում (լատ.՝ Tullianum)՝ մօտակայ բանտ, ուր անոնք պէտք է կրէին իրենց մահապատիժը։[19]
Ժամանակի ընթացքին կոմիցիումին փոխարինեց Կուրիան։ Հին հեղինակներուն մօտ այլեւս չէին հանդիպեր կոմիցիումն ու ֆորումը կապող գրուածքներ։ 200-ին՝ Սեպտիմիոս Սեւերոսի իշխանութեան օրերուն, ֆորումի մէջ տեղի ունեցան երկու թատերական դէպքեր, որոնցմէ ամենայայտնին Մարկոս Անթոնիոսի մահախօսականն էր կիսակառոյց ամպիոնէն՝ Ռոստրայէն, Յուլիոս Կեսարի յուղարկաւորման ժամանակ եւ միւսը Կեսարի մարմինի հանրային հրկիզումն էր Ռոստրայի մօտակայքը, ուր անոր զարմիկ Օկտաւիանոսը Կեսարի մահէն ետք կառուցեց Կեսարի տաճարը։[20] Գրեթէ 2 տարի ետք Մարկոս Անթոնիոսը Ռոստրայի վատ համբաւին աւելցուց եւս մէկը՝ հանրութեան ցուցադրելով իր թշնամի Ցիցերոնի կտրուած գլուխն ու աջ ձեռքը։[21]
Հռոմէական Կայսրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յուլիոս Կեսարի մահէն եւ ատոր յաջորդող քաղաքացիական պատերազմներէն ետք Օգոստոսը աւարտեց իր մօրեղբօր սկսած գործը՝ ֆորումին տալով իր վերջնական տեսքը։ Ատիկա կը ներառէր հրապարակի հարաւ-արեւելեան վերջնամասը, ուր ան ք.ա. 29-ին կառուցեց Կեսարի տաճարը եւ Օգոստոսի Յաղթակամարը: Ֆորումին մէջ իրականացած է նաեւ կայսրերէն մէկուն սպաննութիւնը։ 69-ին Կալբան դուրս եկած էր իր պալատվն՝ ապստամբներուն հանդիպելու, բայց այնքան թոյլ էր, որ ստիպուած էին զայն տանիլ պատգարակով։ Ֆորումին անոր անմիջապէս դիմաւորեցին իր հակառակորդ Օթոնի զինուորները եւ սպաննեցին անոր։
Կայսրութեան սկզբնական շրջանին տնտեսական եւ դատական գործունէութիւնը ֆորումէն տեղափոխուեցաւ հիւսիս։ Տրայանոսի ֆորումի կառուցումէն ետք (110) այդ գործերը կը կատարուէին Ուլպիայի պազիլիքին մէջ։
Սեպտիմիոս Սեւերոսի յաղթակամարի սպիտակ մարմարը աւելցուած է ֆորումի հիւսիս-արեւմտեան վերջնամասին մէջ՝ Կապիթոլիում բլուրի ստորոտին՝ նախկին կոմիցիումի մօտ։ Անիկա կառուցուած է 203-ին՝ ի պատիւ Սեպտիմիոս Սեւերոս կայսեր եւ իր 2 որդիներու՝ հռոմ-պարթեւական պատերազմներուն տարած յաղթանակի եւ այժմ ֆորումի ամենատեսանելի յուշարձանն է։ Դիոկղետիանոս կայսրը (իշխած է 284-305 թուականներուն) Հռոմի քաղաքային ենթակառուցուածքներու մեծագոյն կառուցողներէն վերջինն էր եւ ան ֆորումը նոյնպէս կ'ընդգրկէր իր նախագիծերուն մէջ։ Մինչեւ իր իշխանութեան գալը ֆորումին մէջ հիմնականօրէն կը հանդիպէին պատուոյ յուշարձաններ։ Ան վերակառուցեց եւ վերակազմաւորեց զայն՝ վերանորոգելով Սաթուրնի եւ Վեստայի տաճարները եւ Կուրիան։[22] Վերջինս վառած էր, իսկ Դիոկղետիանոսի տարբերակը մինչեւ այսօր կարելի է տեսնել։
Կոնստանդինոս Ա.-ի իշխանութեան օրերուն՝ 312-ին, աւարտեցաւ Մաքսենտիոսի պազիլիքի շինարարութիւնը։ Անիկա կը պահպանէր ֆորումի քաղաքական նշանակութիւնը մինչեւ Արեւմտեան հռոմէական կայսրութեան անկումը 2 դար ետք։
Միջին Դարեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]6-րդ դարուն ֆորումի որոշ հին շինութիւններ սկսան վերափոխուիլ քրիստոնէական եկեղեցիներու։ 1 Օգոստոս 608-ին կանգնեցեցաւ Ֆոկասի սիւնը՝ հռոմէական յաղթասիւնը, որ կը նուիրուէր հռոմէացի կայսր Ֆոկասին: Անիկա վերջին յուշարձանն էր ֆորումին մէջ։ Արդէն 8-րդ դարուն ֆորումի ամբողջ տարածքը շրջապատուած էր քրիստոնէական եկեղեցիներով, որոնք կը զբաղեցնէին լքուած եւ աւերուած տաճարներու տարածքը։[23]
8-րդ դարու անանուն ճանապարհորդներէն մէկը արձանագրած է, որ այդ ժամանակ ֆորումը արդէն կը մասնատուէր։ Չնայած միջին դարերուն թերեւս ֆորումի մասին յիշատակումներ կային՝ անոր յուշարձանները հիմնականօրէն անտեսանելի էին եւ այդ տեղանքը աւելի յայտնի էր որպէս Campo Vaccino կամ արօտավայր, որ կը գտնուէր Կապիթոլիում բլուրի եւ Կոլիզէումի միջեւ:
8-րդ դարէն ետք ֆորումի կառոյցները ապամոնտաժուեցան, վերադասաւորուեցան եւ սկսան օգտագործուիլ ֆէօտալական աշտարակներ եւ ամրոցներ կառուցելու համար։ 13-րդ դարուն այս վերակառուցուած շինութիւնները քանդուեցան եւ ֆորումի տարածքը դարձաւ աղբանոց։ Ապամոնտաժուած միջնադարեան շինութիւններն ու անտիկ կառոյցները նպաստեցին գետնի մակարդակի բարձրացմանը։[24]
Պեղումներ Եւ Պահպանութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]15-րդ դարավերջի նկարիչները կը նկարէին ֆորումի աւերակները, հնութիւններ հաւաքողները 16-րդ դարուն արձանագրութիւններն կը պատճենէին, իսկ մանրազնին պեղումները սկսած են 18-րդ դարուն։
1803-ին Քառլօ Ֆէան եւեւայլ հնաբաններ սկսան պեղումներ իրականացնել Սեպտիմիոս Սեւերոսի յաղթակամարը աղբէն մաքրելու նպատակով, սակայն ամբողջական պեղումներ իրականացուեցան միայն 20-րդ դարի վերջին։
Մի քանի դարերու գտածոները կը ցուցադրուին միասին, քանի որ հռոմէացիները սովորաբար կը կառուցէին նախկին աւերակներու վրայ։
Ներկայիս հնագիտական պեղումները կը շարունակուին՝ իրականացնելով պարբերական վերականգնումներ։ Ըլլալով քաղաքի կարեւորագոյն զբօսաշրջային կեդրոններէն մէկը՝ կարելի է ոտքով շրջագայիլ ֆորումի հին փողոցներով, որոնք վերականգնած են՝ ստանալով կայսերական շրջանի տեսքը։ Ֆորումի թանգարանը կը գտնուի ժամանակակից ճանապարհի (լատ.՝ Via dei Fori Imperiali) վերջը` Կոլիզէումի մօտ։
Այս փոքր թանգարանին մէջ կարելի է հանդիպիլ քանդակներու եւ ճարտարապետական նմուշներու ուշագրաւ հաւաքածուներու։ Կը ներկայացուի նաեւ ֆորումը իր նախկին տեսքով եւ կը ցուցադրուին կարճ տեսահոլովակներ տարբեր լեզուներով։ Թանգարան կարելի է մուտք գործել ֆորումէն եւ անիկա կը բացուի 08.30-ին ու կը փակուի մայրամուտէն մէկ ժամ առաջ։ Մուտքը կ'արժէ 12 եւրօ։
Ֆորումը Նկարներուն Մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հռոմի ֆորումը տեսութեան արուեստագէտներու համար դարեր շարունակ ոգեշնչման աղբիւր եղած է։ Յատկապէս նշանաւոր է Ճամբատիստա Պիրանեզին, որ 1748-76 թուականներուն ստեղծած է 135 փորագրանկարներ, ուր մեծ տեղ կը զբաղեցնէր ֆորումը։ Այժմ, սակայն, Պիրանեզիի պատկերած տեսարաններէն ոչ բոլորը հնարաւոր է տեսնել։
Ֆորումի ակնառու նկարիչներէն են Մարտէն վան Հեմսկերկը, Պիռօ Լիգորիօն, Կանալետօն, Քլոտ Լոռենը, Ճովաննի Փաօլօ Պանինին, Հուպերտ Ռոպերթը եւ այլք։
Այլ Ֆորումներ Հռոմի Մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քաղաքի տարբեր մասերուն մէջ նոյնպէս կային ֆորումներ, որոնց մնացորդները դեռ կարելի է տեսնել այսօր։ Ատոնցմէ ամենակարեւորները կը գտնուին Հռոմի ֆորումի մօտակայքը եւ միասին համալիր մը կը կազմեն։ Ատոնք են՝ Կեսարի Ֆորումը (լատ.՝ Forum Iulium), Օգոստոսի Ֆորումը լատ.՝ Forum Augustum, Ներուայի Ֆորումը (լատ.՝ Forum Transitorium կամ Forum Nerva) եւ Տրայանոսի Ֆորումը (լատ.՝ Forum Traiani)։ Մուսոլինիի ժամանակաշրջանի ճարտարապետները հեռացուցած են միջնադարեան եւ բարոկ շրջանի շերտերը եւ կառուցած են Via dei Fori Imperiali փողոցը։
Այլ ֆորումներէն են՝
- Forum Boarium՝ խոշոր եղջարաւոր անասուններու առեւտուրի համար նախատեսուած, կը գտնուի Փալատինում բլուրի եւ Տիպեր գետի միջեւ,
- Forum Holitorium՝ խոտաբոյսերու եւ բանջարեղէնի առեւտուրի համար նախատեսուած, կը գտնուի Կապիթոլիում բլուրի եւ Սերվիոսի պարիսպի միջեւ,
- Forum Piscarium՝ ձուկի առեւտուրի համար նախատեսուած, կը գտնուի Կապիթոլիում բլուրի եւ Տիպերի միջեւ՝ ներկայիս Հռոմէական գետտոյի տարածքին,
- Forum Suarium՝ խոզի միսի առեւտուրի համար նախատեսուած, կը գտնուի Մարսեան դաշտի հիւսիսային հատուածին մէջ,
- Forum Vinarium՝ գինիի առեւտուրի համար նախատեսուած, կը գտնուի Աւենտինում բլուրի եւ Տիպերի միջեւ:
Գոյութիւն ունեցած են նաեւ որոշ շուկաներ, սակայն ատոնց մասին սակաւաթիւ եւ ոչ ճշգրիտ տեղեկութիւններու պատճառով ատոնք հնարաւոր չէ գտնել այսօր։[25]
Ֆորումը Անցեալին Եւ Ներկայիս
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տաբուլարիում
|
Էմիլիայի պազիլիք
|
Քոնքորտի տաճար
|
Սաթուրնի տաճար
|
Կեսարի տաճար
|
Յուլիայի պազիլիք
|
Սեպտիմիոս Սեւերոսի յաղթակամար
|
Վեստայի տաճար
|
Հռոմի ֆորում
|
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Grant, Michael (1970), The Roman Forum, London: Weidenfeld & Nicolson; Photos by Werner Forman, էջ 11.
- ↑ «La Stampa - La top ten dei monumenti più visti Primo il Colosseo, seconda Pompei»։ Lastampa.it։ արտագրուած է՝ 2014-08-25
- ↑ The Roman Forum։ Harvard University Press, Cambridge, Massachusetts.։ 2009։ ISBN 978-0-674-03341-2։ արտագրուած է՝ 6 մարտի 2010 , էջ 22.
- ↑ Grant, Op. cit., էջ 43.
- ↑ Lovell, Isabel (1904)։ Stories in Stone from the Roman Forum
- ↑ «Roman Forum»։ worldsiteguides.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-06-23-ին։ արտագրուած է՝ 2016-06-30
- ↑ «Accept Terms and Conditions on JSTOR»։ www.jstor.org։ արտագրուած է՝ 2016-06-30
- ↑ Grant, Op. cit., էջ 16.
- ↑ «Roman Triumph»։ www.unrv.com։ արտագրուած է՝ 2016-06-30
- ↑ Marucchi Horace (1906)։ The Roman Forum and the Palatine According to the Latest Discoveries։ Paris: Lefebvre
- ↑ Parker John Henry (1881)։ The Architectural History of the City of Rome։ Oxford: Parker and Company։ էջ 122
- ↑ Vasaly Ann (1996)։ Representations: Images of the World in Ciceronian Oratory։ Berkeley: University of California Press։ ISBN 0-520-07755-5
- ↑ Young Norwood, ed. (1908)։ Handbook for Rome and the Campagna։ London: John Murray։ էջ 95
- ↑ Richmond, Ian Archibald, et al. (1996), Entry, "Forum Romanum", In: Hornblower, Simon and Antony Spawforth (eds.), The Oxford Classical Dictionary (3rd ed.), Oxford University Press, էջ 607.
- ↑ Beard, Mary, North, John A.; Price, Simon (1998)։ Religions of Rome: A History։ Cambridge: Cambridge University Press։ էջ 109 (note 139)։ ISBN 0-521-30401-6
- ↑ Karl Baedeker (1903)։ Italy: Handbook for Travellers։ Leipzig: Karl Baedeker։ էջ 251
- ↑ «The Brothers Gracchi: The Tribunates of Tiberius and Gaius Gracchus»։ արտագրուած է՝ 2016-06-30
- ↑ Peter Connolly|Connolly, Peter and Hazel Dodge (1998), The Ancient City: Life in Classical Athens & Rome, Oxford University Press, pp 109.
- ↑ Watkin, Op. cit., էջ 79.
- ↑ Grant, Op. cit., էջեր 111-112.
- ↑ http://penelope.uchicago.edu/~grout/encyclopaedia_romana/calendar/cicero.html
- ↑ Connolly, Op. cit., pp 250-251.
- ↑ Marucchi, Op. cit., pg 9.
- ↑ Goodyear W. H. (1899)։ Roman and Medieval Art։ New York: Macmillan։ էջ 109
- ↑ Richardson, L., Jr. (1992)։ A New Topographical Dictionary of Ancient Rome։ JHU Press։ ISBN 9780801843006
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հռոմի ֆորումի եռաչափ վերականգնում, Մեծ կրկէսը,եւ Տիբեր կղզի - www.italyrome.info
- Digital Roman Forum, Հռոմի ֆորումի եռաչափ վերականգնում
- Christian Hülsen: The Roman Forum
- Forum Romanum (ֆոտո արխիւ) Archived 2011-08-02 at the Wayback Machine.
- Ֆորումի քարէսզը 100-ին