Ընդերային Տենդ
Թայֆոյտը կամ ընդերային տենդը աղիքային սուր եւ վարակիչ հիւանդութիւն մըն է:
Յաւելեալ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յարուցիչը սալմոնելլա (salmonella) մանրէն է, որ ունի երկու խմբաւորում՝ սարմոնելլա թայֆի (salmonella typhi) եւ սալմոնելլա փարա-թայֆի (salmonella paratyphi), որ աւելի մեղմ հիւանդագին վիճակ կը ստեղծէ: Թայֆոյտը կը պատահի առաւելաբար զարգացող երկիրներու մէջ, ուր տարեկան 2 միլիոնէ աւելի պարագաներ կը տեսնուին: Անիկա հազուագիւտ հիւանդութիւն մըն է զարգացած երկիրներու մէջ:
Հիւանդներուն 3-5 տոկոսը իրենց ապաքինումէն ետք կը մնան կրողներ, այսինքն՝ ոչ մէկ ախտանշան կ'ունենան, սակայն իրենց արեան մէջ կը պահեն սալմոնելլա մանրէները երկար ժամանակ եւ կրնան փոխանցել մանրէները ուրիշներու:
Սալմոնելլա մանրէներով վարակուած կերակուրներու կամ ջուրի սպառումով մանրէները հասնելէ ետք բարակ աղիք, կը ներծծուին եւ կը մտնեն արեան շրջագայութեան մէջ։ Անոնք արեան ճերմակ գնդիկներու միջոցաւ կը շրջագային եւ կը հաստատուին մասնաւորաբար լեարդին, լեղուցին (gall bladder), փայծաղին եւ ոսկրածուծին մէջ։ Մանրէները կը բազմապատկուին այս գործարաններուն մէջ եւ դարձեալ կը մտնեն արեան շրջագայութեան մէջ։ Այս հանգրուանին է, որ վարակուող անձը կ'ունենայ թայֆոյտի ախտանշանները: Մանրէներուն մէկ մասը բարակ աղիքներէն անցնելով կը հասնի հաստ աղիք եւ հոնկէ կղկղանցումով դուրս կ'ելլէ կղկղանքին հետ: Ճանճերը կոյուղիներու եւ պէտքարաններու մէջ նստելէ ետք կղկղանքի վրայ մանրէները կը փոխադրեն որեւէ մէկ տեղ, օրինակ՝ սննդեղէններ, ջուր եւ ըմպելի հեղուկներ: Հետեւաբար այս մանրէներուն շտեմարանն է՝ հիւանդը, պէտքարանները եւ կոյուղիները:
Սալմոնելլա մանրէները կ'ապրին շաբաթներ ջուրի եւ կոյուղիներու մէջ:
Մանրէներուն թխսումը (incubation) կը տեւէ 1-2 շաբաթ:
Ախտանշաններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թայֆոյտի ախտանշանները հետեւեալներն են՝ մնայուն բարձր ջերմ, գլխացաւ, մարմնական ընդհանուր յոգնածութիւն եւ տկարութիւն, փորի ցաւ, ախորժակի տկարացում եւ երբեմն մորթային կարմիր բշտիկներ եւ ցան (rash):
Թայֆոյտի ախտաճանաչումը տեղի կ'ունենայ արեան կամ կղկղանքի տարրալուծարանային քննութեամբ՝ յայտնաբերելու համար սալմոնելլա մանրէն:
Անոր դարմանումը կ'ըլլայ հակասալմոնելլա դեղերով: Հիւանդը կը դադրի աշխատելէ եւ կ'ունենայ 2-3 շաբաթներ տնային ամբողջական հանգիստ: Ան պէտք է սպառէ առատ հեղուկ: Իսկ բարձր ջերմի պարագային կը գործածուի հակաջերմ դեղեր:
Փաստուած կրողները պէտք է ենթարկուին երկար դարմանումի:
Թայֆոյտով ախտահարուած անձը կրնայ ունենալ կարգ մը բարդութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝ թոքատապ (pneumonia), լեղուցատապ (cholecystitis), աղիքներու խոցաւորում եւ արիւնահոսութիւն, որովայնամիզի բորբոքում (peritonitis), փորհարութիւն կամ փորի պնդութիւն:
Այս հիւանդութիւնը կանխարգիլելի է պարզապէս ուշադրութիւն դարձնելով կարգ մը առողջապահական միջոցառումներու.
- Վստահ ըլլալ ջուրի մաքրութենէ: Յանձնարարելի է խմել սրուակի ջուր քան տան ծորակի ջուր.
- Եռացնել տան ծորակի ջուրը.
- Ուշադրութիւն կեդրոնացնել շուկայի պատրաստ կերակուրներուն եւ հեղուկներուն.
- Հեռու մնալ վարակուած կոյուղիներէ, հեղուկներէ եւ սննդանիւթերէ.
- Արմատախիլ ընել ճանճերը, որոնք կը փոխադրեն մանրէները կոյուղիներէն եւ կուտակուած կղկղանքէ.
- Հսկել ճաշարաններու եւ պանդոկներու խոհարարներու մաքրութեան.
- Հեռու մնալ բացայայտ սալմոնելլա մանրէ կրողէ.
Գոյութիւն ունի թայֆոյտի դէմ պատուաստ մը, որ ի զօրու կը մնայ միայն 3-5 տարի: Տեղաճարակ երկիրներ ճամբորդողները պէտք է առնեն այս պատուաստը ճամբորդութենէն 10-15 օր առաջ:
Տե'ս Նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ականջ
- Փայծաղ
- Ականջային Արիւնահոսութիւն
- Գլխապտոյտ
- Մանկական Անդամալուծութիւն
- Ողնայարի Կողմնածռութիւն
- Ջղային Անախորժակութիւն
- Լեղուց