Երիկամներու Քարերը
Երիկամներու քարերը կոշտ, խճաքարի նմանող տարրեր են, որոնք կրնան ձեւաւորուիլ երիկամներէն ներս: Անոնք պատրաստուած կ'ըլլան հանքանիւթերէ եւ աղերէ[1]:
Երիկամներու քարերը պզտիկ կ'ըլլան, սովորաբար եգիպտացորենի միջուկի եւ աղի հատիկի չափերու միջեւ: Անոնք կրնան ձեւաւորուիլ, երբ մարմինը չափազանց որոշակի հանքանիւթեր կը պարունակէ, եւ միաժամանակ չունի բաւարար հեղուկ զանոնք լուծելու կամ քշելու: Քարերը կրնան ըլլալ շագանակագոյն կամ դեղին, ողորկ կամ անտաշ[2]:
Երիկամային Քարի Ախտանշանները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ախտանշան կրնայ չըլլալ, երիկամային քար ունենալով հանդերձ: Ախտանշանները կրնան չյայտնուիլ, մինչեւ երիկամի քարին շարժիլը[3]:
Քարը կրնայ շարժիլ երիկամէն ներս: Ան կրնայ նաեւ շարժիլ եւ անցնիլ դէպի այն խողովակը, որ կը կապէ երիկամը միզապարկին: Ախտանշանները կրնան ըլլալ թեթեւ կամ ուժեղ.
- Ուժեղ ցաւ կողի կամ մէջքի հատուածին կողմը` կողոսկրներուն տակ,
- Ցաւ` աճուկի (groin) եւ փորի ստորին հատուածին մէջ,
- Ցաւ, որ կու գայ ու կ'անցնի եւ կը տարբերի զօրութեամբ,
- Ցաւ, միզելու ատեն,
- Սովորականէն աւելի բաղնիք երթալ,
- Մէզ, որ պղտոր, վարդագոյն, կարմիր կամ շագանակագոյն է, կամ տհաճ հոտ մը ունի,
- Անընդհատ միզելու զգացում,
- Տաքութիւն եւ դող, եթէ վարակ կայ,
- Սիրտխառնուք եւ փսխում,
- Այրելու զգացում, միզելու ատեն,
- Մէզի քիչ քանակ,
- Ստամոքսի անհանգստութիւն եւ փսխում` ցաւի ատեն,
- Ցաւի ատեն տաքութիւն եւ դող,
- Արիւնոտ մէզ:
Վերջին երեքին պարագային հիւանդը բժշկական անմիջական օգնութեան պէտք ունի:
Երիկամներու Քարերու Պատճառները Եւ Վտանգի Գործօնները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ե՛ւ տղամարդիկ, ե՛ւ կիներ կրնան ունենալ երիկամներու քարեր, սակայն տղամարդոց մօտ անոնց վտանգը կրկնակի մեծ է, քան` կանանց:
Յաճախ դժուար է պարզել, թէ ի՛նչն է ճիշդ քար յառաջացնողը: Բայց անոնք կը կազմուին, երբ մէզին մէջ որոշակի հանքանիւթերու բարձր մակարդակ ըլլայ: Այդ նիւթերէն են.-
- Կրածինը (Calcium),
- Օքզալաթը (Oxalate),
- Միզական թթուն (Uric Acid):
Քարեր կրնան կազմուիլ, եթէ մարմինին մէջ բաւականաչափ մէզ չկայ հանքանիւթերու բարձր մակարդակները «քշելու» համար:
Երիկամներու քարերու յառաջացման վտանգը մեծցնող գործօններէն են.
- Սննդեղէնի տեսակը,
- Փորհարութիւնը (որ կրնայ մարմինը ջրազրկել),
- Գիրութիւնը,
- Երիկամներու քարերու ընտանեկան պատմութիւն,
- Յղութիւն:
Երիկամներու քարերու յառաջացման պատճառներէն են.
- Ջրազրկում (dehydration)
- Բժշկական պայմաններ, որոնց կարգին են ստամոքսի շրջանցման վիրահատութիւնը (gastric bypass surgery),
- Աղիքներու բորբոքային հիւանդութիւնները (խոցային աղիքներու բորբոքումը (Ulcerative Colitis) եւ Քրոնի հիւանդութիւնը, յօդատապը (gout),
- Շաքարախտը եւ այլ հիւանդութիւններ,
- Սի. կենսանիւթի յաւելումներ,
- Սննդակարգին մէջ կրածինի պակաս,
- Սննդակարգին մէջ աւելորդ օքզալաթ կամ սպիտակուց,
- Որոշ դեղամիջոցներ, ինչպիսիք են Triamterene-ը` միզամուղ դեղատեսակ մը, որ կը գործածուի արեան գերճնշման համար,
- Հակախռնիչները (decongestants),
- Սթերոիտները:
Երիկամներու քարերու տեսակները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բժիշկները երիկամներու քարերը կը բաժնեն տեսակներու.
Կրածինի քարեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ասոնք ամէնէն տարածուածներն են: Նոյնիսկ միայն օքզալաթներով հարուստ որոշ մթերքներ ուտելը, օրինակ` խաւարծիլը (rhubarb), կամ Տի. կենսանիւթի անսովոր, բարձր դեղաչափերու սպառումը, կրնայ մեծցնել այս տեսակ քարեր ստանալու հնարաւորութիւնը: Այս տեսակ քարերը կարելի է ստանալ նաեւ, երբ սովորաբար բաւարար ջուր չի խմեր հիւանդը, կամ եթէ շատ կը քրտնի եւ չի փոխհատուցեր իր կորսնցուցած հեղուկները:
Սիսթինային (Cysteine) քարեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այս մէկը ամէնէն քիչ տարածուած տեսակն է եւ պայմանաւորուած է ծինական նենգափոխումով: Այս պարագային երիկամները կը դժուարանան ներծծելու Սիսթին կոչուող միացութիւնը, որ աւելի բարձր մակարդակներու պարագային կը յայտնուի մէզին մէջ եւ կը պատճառէ քարերու ձեւաւորում:
Սթրուվիթի (struvite) քարեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վարակները, յատկապէս միզուղիներու մէջ տեղի ունեցողները, կրնան յառաջացնել այս տեսակի քարերը:
Միզաթթուային քարեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մեծ քանակութեամբ կենդանական սպիտակուցներ ուտելը կրնայ պատճառ դառնալ մէզի մէջ միզաթթուի կուտակման: Այդ մէկը ի վերջոյ կրնայ յառաջացնել քար` կրածինով կամ առանց կրածինի: Վտանգի գործօններէն են յօդատապը, շաքարախտը եւ երկարատեւ փորհարութիւնը:
Երիկամային քարերու ախտորոշում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ինչպէ՞ս բժիշկը կը գիտնայ, որ երիկամին մէջ քար կայ.
Կը պահանջէ՝
Արեան քննութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ասոնք կրնան ցոյց տալ, եթէ արեան մէջ չափազանց կրածին կամ միզաթթու կայ, ինչպէս նաեւ երիկամներուն առողջութեան մասին շատ բան կրնան ըսել:
Մէզի քննութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բժիշկը կրնայ յանձնարարել հաւաքել մէկ կամ երկու 24-ժամեայ նմոյշ: Այդ ցոյց կու տայ, եթէ մէզին մէջ չափազանց են քար յառաջացնող հանքանիւթերը, կամ եթէ քանակութեամբ բաւարար չեն այլ միացութիւններ, որոնք կրնան կասեցնել քարերու յառաջացումը:
Պատկերային քննութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բժիշկները ասոնք կ'օգտագործեն ստուգելու միզուղիներուն մէջ քարերու առկայութիւնը: Կարելի է պահանջուի որովայնի շողանկար կամ (CT) պատճէնահանում, որ կը միաւորէ շարք մը շողանկարներ՝ մարմինի պատկերը կազմելու համար: Շողանկարը կրնայ բացայայտել մեծ քարերը, սակայն CT-ն կ'օգնէ բժիշկներուն գտնելու փոքրերը:
Դուրս եկած քարերու քննութիւն ու վերլուծում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բժիշկը կը պատուիրէ միզել կոնաձեւ քամիչի (strainer) մը մէջ, որպէսզի հոն կախուի որեւէ մէկ տեսակի քար, որ կրնայ գտնուիլ մէզին մէջ: Ան կ'ուղարկէ զանոնք տարրալուծարան` տեսնելու, թէ ինչէ կազմուած են այդ քարերը: Այս կրնայ ցոյց տալ, թէ ի՛նչն է, որ կը յառաջացնէ քարեր եւ ինչպէս պէտք է վարուիլ անոնց հետ[4]:
Յղի կիներ պէտք է առաջին եռամսեակին անդրաձայնային (Ultrasound) քննութիւն կատարեն,- եւ ոչ թէ CT պատճէնահանում,- որովհետեւ երեխաները տակաւին զգայուն կ'ըլլան ճառագայթային վնասուածքի: Թեթեւ չափաբաժիններով CT պատճէնահանումը նուազ վտանգաւոր է յղութեան երկրորդ եւ երրորդ եռամսեակին:
Երիկամային քարերու բուժում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երիկամներու ոչ բոլոր քարերը բուժում կը պահանջեն: Եթէ քարը փոքր է, կարելի է ազատիլ անկէ, միզելուատեն: Քարի անցումը արագցնելու համար կարելի է.
Ջուր խմել
Օրական ութէն տասը գաւաթ ջուրը կրնայ կանխել ձեր մէզին մէջ հանքանիւթերու կուտակումը:
Օգտագործել առանց դեղագիրի ցաւազրկիչներ
Իպուփրոֆէնը կամ նափրոքսէնը կրնան թեթեւցնել անհանգստութիւնը:
Դեղագիր ստանալ
Բժիշկը կրնայ ալֆա ընկալիչները արգելափակող դեղեր տալ: Ասոնք կը հանգստացնեն մկանները միզածորանին (ureter)` այն խողովակին, որ մէզը երիկամներէն միզապարկ կը տեղափոխէ, այնպէս քարը կը փոխանցուի աւելի արագ եւ աւելի քիչ ցաւով:
Եթէ քարը աւելի մեծ է կամ կարելի չէ անցընել զայն, կրնաք անտանելի ցաւ ունենալ: Այս պարագային բժիշկը կրնայ կոտրել քարը քանի մը ձեւով, որպէսզի մարմինը ի վերջոյ ազատի անկէ բաժին առ բաժին: Այդ ձեւերէն են.
Extracorporeal shock wave lithotripsy (ESWL)
Այս մէկը Միացեալ Նահանգներու մէջ երիկամներու քարերու ամենատարածուած ընթացակարգն (procedure) է, ուր կ'օգտագործուին հարուածային ալիքներ, որոնք կրնան փշրել քարը եւ վերածել զայն փոքր կտորներու: Այնուհետեւ աւելի փոքր կտորները կրնան աւելի դիւրութեամբ դուրս գալ մէզին մէջ:
Բուժումը կը տեւէ մօտ մէկ ժամ, եւ սովորաբար մօտ մէկ ժամ ետք կարելի է տուն երթալ: Այս ձեւը չի ներառեր որեւէ վիրահատական ընթացակարգ, բայց թերեւս թեթեւ ցաւ պատճառէ:
Միզածորանային դիտարկում (Ureteroscopy)
Այս ընթացակարգը կը բուժէ երիկամներու եւ միզածորաններու մէջ գտնուող քարերը: Բժիշկը բարակ, ճկուն ներադիտակ մը կ'օգտագործէ քարերը գտնելու եւ հեռացնելու համար: Ան մաշկին վրայ որեւէ բացուածք չ'ըներ, բայց ընդհանուր անզգայացման կ'ենթարկէ այս ընթացակարգին ատեն:
Բժիշկը ներադիտակը միզապարկի եւ միզածորանի միջոցաւ կը հասցնէ երիկամ: Փոքր կողով մը կ'օգտագործուի պզտիկ քարերը հեռացնելու համար: Եթէ քարերը աւելի մեծ ըլլան, բժիշկը լէյզըր կ'արձակէ ներադիտակի միջոցով` զանոնք կոտրելու համար: Մարդոց մեծ մասը նոյն օրը տուն կ'երթայ:
Մաշկի միջոցով քարազերծում (Percutaneous nephrolithotomy)
Այլ միջոց մըն է, որմով բժիշկներ կրնան ազատել երիկամի քարերէն,մէջքի եւ երիկամի միջեւ փոքր բացուածք մը ընելով` քարը հեռացնելու համար: Այս գործընթացը կատարելէ ետք, հաւանաբար քանի մը օր հիւանդանոց մնայ հիւանդը:
Երիկամային քարերու բարդութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բարդութիւնները կրնան յայտնուիլ երիկամներու մեծ քարի բուժումէն կամ քարերը առանց բուժումի ձգելէն ետք: Անոնցմէ են.
- Փակ միզածորանը,
- Միզածորանի վնասուածքը,
- Արիւնահոսութիւնը` վիրահատութեան ատեն,
- Ցաւը,
- Միզուղիներու վարակը,
- Սեփսիսը (վարակ, որ կը տարածուի ամբողջ մարմնին մէջ եւ կրնայ մահացու ըլլալ):
Երիկամներու քարերու կանխարգիլում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երիկամի մէջ անգամ մը քար ունենալը աւելի հաւանական կը դարձնէ զայն անգամ մը եւս ունենալը: Մարդոց մօտ կէսը, որ ունեցած է երիկամի քար, երկրորդը կ'ունենայ յաջորդող 7 տարուան ընթացքին, եթէ չփորձէ կանխել զայն: Որպէսզի այդ մէկը տեղի չունենայ, կարելի է.
Բաւարարաչափ ջուր խմել
Պէտք է ամէն օր առնուազն ութ գաւաթ ջուր խմել: Այդ հեղուկին մէկ մասը կրնայ ըլլալ նարինջի կամ կիտրոնի հիւթ:
Պակսեցնել նատրիոմի եւ աղի սննդեղէններու օգտագործումը.- Նատրիոմի բարձր մակարդակները կրնան բարձրացնել մէզին մէջ կրածինի մակարդակը: Այդ մէկը կրնայ քարեր յառաջացնել:
Խմել եւ ուտել բաւականաչափ կրածին
Այս կանխարգելիչ քայլը կրնայ քիչ մը շփոթ ստեղծել, որովհետեւ բժիշկներ կ'ըսեն, որ մէզին մէջ կրածինի բարձր մակարդակը (շատ նատրիոմի պատճառով) կրնայ քար յառաջացնել: Սակայն բաւականաչափ կրածին չստանալը կրնայ բարձրացնել մէզին մէջ օքզալաթի մակարդակը: Վերջինս կը գտնէք խաւարծիլի, շոմինի, ճակնդեղի, չիփսերու եւ տապկուած գետնախնձորին մէջ. իսկ օքզալաթները երիկամներու մէջ քարեր կրնան յառաջացնել: Աւելի լաւ է կրածինը ստանալ սնունդէ ու ըմպելիքներէ, եւ ոչ թէ յաւելումներէ (supplements):
Խուսափիլ որոշ մթերքներէ եւ զովացուցիչ ըմպելիքներէ
Եթէ երիկամներու առնուազն մէկ քար, լաւ կ'ըլլայ, որ սահմանափակուի կենդանական սպիտակուցը, զոր ամէն օր կ'ուտուի` կտորով մը, որ մօտաւորապէս խաղաքարտի չափով է: Որոշ մթերքներ, ինչպիսիք են հաւկիթը, շոմինը, ճակնդեղը, տուրմը եւ ընկոյզը, ինչպէս նաեւ քոլաները կրնան երիկամներու քարեր յառաջացնել[5]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Երիկամներու քար»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-10-25-ին։ արտագրուած է՝ 2022-08-30
- ↑ Երիկամներու քարերը
- ↑ Երիկամային քարի ախտանշանները
- ↑ Քարերու քննութիւն ու վերլուծում
- ↑ Երիկամներու քարերու կանխարգիլում