Jump to content

Եդուարդ Աղամեան

Եդուարդ Աղամեան
Ծննդավայր Պոլիս
Մահուան վայր Երեւան
Կրօնք քրիստոնէութիւն
Մասնագիտութիւն թարգմանիչ, բանաստեղծ

Եդուարդ Աղամեան, ծնած է Իսթանպուլ եւ մահացած՝ Երեւան։ Յաճախած է Մեսրոպեան, Պէզճեան եւ Կեդրոնական վարժարանները։

Աշխատակցած է իսթանպուլահայ եւ ֆրանսահայ մամուլին՝ բանաստեղծութիւններով եւ արձակ գրութիւններով։ Ունի ֆրանսերէնէ անտիպ թարգմանութիւններ։ Անդամ եղած է Ֆրանսահայ Գրողներու Ընկերակցութեան։

1950-ին հաստատուած է Փարիզ, իսկ 1975-ին Երեւան[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Կարօ Աբրահամեան, Ժամանակակակից իսթանպուլահայ գրողներ, հ. Ա (խմբ. Պէպօ Սիմոնեան), Անթիլիաս, «Տպարան Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ», 2004։