Jump to content

Գառնիկ Ստեփանեան

Գառնիկ Ստեփանեան
Ծնած է 14 Փետրուար 1909(1909-02-14)
Ծննդավայր Թերճան, Էրզինճան, Թուրքիա
Մահացած է 1 Յուլիս 1989(1989-07-01) (80 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Եգիպտոսի թագավորություն
 Խորհրդային Միութիւն
Ուսումնավայր Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունք
Մասնագիտութիւն գրականագէտ, արձակագիր
Աշխատավայր «Սովետական Հայաստան»
Հ.Հ. ԳԱԱ Գրականութեան համալսարան
Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարան
Հ․Հ․ ԳԱԱ Արուեստի համալսարան
Արեւ
«Հայաստան» Հրատարակչութիւն
Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունք
Վարած պաշտօններ տնօրէն
Անդամութիւն Հայաստանի Գրողներու Միութիւն
Կուսակցութիւն Խորհրդային Միութեան համայնավարական Կուսակցութիւն

Գառնիկ Ստեփանեան (14 Փետրուար 1909(1909-02-14), Թերճան, Էրզինճան, Թուրքիա - 1 Յուլիս 1989(1989-07-01), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), հայ գրականագէտ, գրող, բառարանագիր, թատերագէտ, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ եւ Գրողներու միութեան անդամ։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Էրզինճան (պատմական հայկական Երզնկա): Փոքր տարիքէն ականատես եղած է Համաշխարհային Ա. պատերազմի արհաւիրքին եւ ընտանիքին հետ տեղահան ըլլալով հասած է մինչեւ Մալաթիա. ապա անցած է Սեբաստիա, ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը:

Փոքր տարիքէն մուտք գործած է որբանոց եւ փոխադրուած է Յունաստան, ապա այլ վայրեր:

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ստեփանեան 1925 թուականին հասած է Եգիպտոս, ուր որպէս գրաշար աշխատած է «Արեւ» օրաթերթին եւ «Ոսկետառ» տպարանին մէջ: Որոշ ժամանակ Եգիպտոսի մէջ աշխատելէ ետք 1930 թուականին վերադարձած է Հայաստան եւ գրաշարութեան գործը շարունակած՝ Երեւանի Պետական հրատարակչութեան տպարանէն ներս:

Հայաստանի մէջ որոշած է շարունակել իր ուսումը եւ 1938 թուականին աւարտած է Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական կաճառը:

Ուսումը աւարտելէ ետք ունեցած է մեծ գործունէութիւն։ Աշխատած է «Սովետական Հայաստան» եւ «Տեղեկագիր» պարբերականներու խմբագրութեան մէջ: Ապա աշխատած է Գրականութեան կաճառի, Եղիշէ Չարենցի գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի, ինչպէս նաեւ Գիտութիւններու ակադեմիայի արուեստի կաճառին մէջ:

Աշխատութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ստեփանեան կատարած է բանասիրական աշխատանք։ Գրած է աւելի քան քսան մենագրութիւն՝ Արուսեակ Փափազեանի, Պետրոս Ադամեանի, Արփիար Արփիարեանի, Յակոբ Պարոնեանի, Հրաչեայ Աճառեանի, Վահրամ Փափազեանի եւ այլոց մասին: Ան նաեւ թրքերէնէ հայերէն թարգմանած է Յովսէփ Վարդանեանի «Ագապի» վէպը (1953), որ առաջին թրքական վէպն է (սկզբնապէս լոյս տեսած 1851ին՝ հայատառ թրքերէնով), ինչպէս եւ Պարոնեանէն կարգ մը հայատառ թրքերէն գործեր։

Այս բոլորի կողքին զբաղած է նաեւ ուսուցչութեամբ։ 1937-1939 թուականներու հայոց լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է Երեւանի «Ալեքսանդր Թամանեան» շինարարական ուսումնարանէն ներս։

1939-1940 թուականներու միջեւ գրաբար լեզու դասաւանդած է Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական կաճառէն ներս:

1971-ին ան իր դոկտորական աւարտաճառը պաշտպանած է։

Անոր կարեւոր նպաստը հայագիտութեան եղած է երեք հատորնոց «Կենսագրական բառարան»ը (1973, 1981, 1990), որ դժբախտաբար անաւարտ մնացած է։

Մրցանակներ եւ կոչումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շնորհիւ իր վաստակին, Ստեփանեան 1967 թուականին արժանացած է Արուեստի վաստակաւոր գործիչի կոչման։

1980 թուականին, իր «Հայ նոր գրականութեան պատմութիւն» հինգ հատորնոց հաւաքական աշխատութեան համար արժանացած է պետական մրցանակի[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «ԳԱՌՆԻԿ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ (1909-1989)»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-07-27 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։