Բառ
Բառ, կը կոչուի հնչիւններու այն խումբը կամ հնչիւնը, որ իմաստ մը կ'արտայայտէ։
Օրինակ՝ աղ, ջուր, գիրք, քաղցր։
Ասոնք երկու, երեք, չորս եւ հինգ հնչիւններէ բաղկացած կապակցութիւններ են, իմաստ ունին, ուստի եւ բառեր են։ Կան նաեւ մէկ հնչիւնէ բաղկացած բառեր.
Oրինակ՝ Յակոբիկը ուշիմ ու խելացի աշակերտ է:
Այստեղ ու, է հնչիւնները բառեր են։
Հնչիւններու պատահական ամէն մէկ խումբ բառ չէ. օրինակ՝ աթոռ բառ է, քանի որ իմաստ ունի, բայց թոառ, ոթոա բառեր չեն, որովհետեւ իմաստ չունին։ Առանց բառի կարելի չէ խօսիլ կամ խօսակցիլ, մտքեր յաղորդել իրարու։
Հարուստ կը համարուի այն լեզուն, որ բազմապիսի իմաստներ արտայայտող շատ բառեր ունի։
Հայերէն բառային կազմը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լեզուի մը մէջ գործածուող բոլոր բառերը միասին բառային կազմ կամ բառապաշար կը կոչուին։ Հայերէնի բառային կազմը հարուստ է։ Հազարամեակներու ընթացքին՝ ան հարստացած է բազմաթիւ ու բազմապիսի բառերով, որոնք կ'արտայայտեն մարդոց, անոնց կեանքին եւ բնական աշխարհի հետ կապուած զանազան գաղափարներ. օրինակ՝
- Աշխատանքի ու տնտեսութեան վերաբերեալ բառեր՝ արտ, ակօս, սերմ, ցորեն, գործիք, գործել, վարել, բահ, մուրճ, գութան, սալ, մանգաղ, գործարան եւ այլն։
- Մարդու մարմնի մասեր արտայայտող բառեր՝ աչք, ոտք, բազուկ, սրունք, կուրծք, գլուխ, սիրտ, անութ, ուս եւ այլն։
- Ընտանիքի եւ մարդու կենցաղի վերաբերեալ բառեր՝ տուն, ընտանիք, բնակիչ, մայր, հայր, որդի, պապ, տալ, հարս, կեսուր, կեսրայր, հագուստ, զարդ, արդուկել, սենեակ, բազմոց, գաւիթ, բակ, տնտեսութիւն եւ այլն։
Հայերէնն ունի մօտ 150 000 բառ։
Մարդկային կեանքին մէջ ամէն մէկ գիւտ, նոր գործիք, իր, երեւոյթ ու գաղափար անմիջապէս անուն կը ստանան։ Այդ անունը, իբրեւ նոր բառ, կը մտնէ լեզուի բառապաշարին մէջ. օրինակ՝ մենք ունինք տիեզերք եւ նաւ բառերը, որոնցմէ վերջերս կազմուեցաւ տիեզերանաւ նոր բառը։ Նման նորակերտ բառեր են՝ տիեզերագնաց, տիեզերանաւորդ, հրթիռակիր, սաւառնակ, սաւառնորդ, ինքնամուղ, հեռուստացոյց, հեռատեսիլ, ձայնասփիւռ, նրասայլ, ձայնապնակ եւ այլն, որոնք գոյութիւն չունէին ասկէ քանի մը տարի, կամ քանի մը տասնեակ տարիներ առաջ։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայոց լեզուի դասագիրք, Ս. Գ. Աբրահամեան, Բ. Յ. Վերդեան, Վ. Ա. Քոսեան (1965), Երեւան։