Աֆրոտիթ
Աֆրոտիթ | |
---|---|
| |
Ամուսին | Հեփայստոս |
Ծնողներ | հայր՝ Զեւս[1] եւ Ուրանոս, մայր՝ Տիոնէ[2] |
Երեխաներ | Անթերոս, Տէյմոս, Էրոս, Ֆոպոս, Հարմոնիա, Հիմերոս, Հերմաֆրոտիթըս, Հիմեն, Փրիափըս, Ռոտոս, Էրիքս, Թիխէ, Փէյիթօ, Էնէաս, Փոլիքաոն, Կոլկոս, Ատրեսթիա, Չերիթ եւ Lyrus? |
Աֆրոտիթ (յուն․՝ Ἀφροδίτη)՝ յունական դիցաբանութեան մէջ սիրոյ, գեղեցկութեան, պտղաբերութեան աստուածուհին: Աֆրոտիթի խորհրդանիշներն են մրտենին, վարդը, աղաւնին, ճնճղուկը եւ կարապը:
Ըստ Հեսիոտոսի Աֆրոտիթ ծնած է Կիթերայի ափերուն փրփուրներէն: Հոմերոսի Իլիականին մէջ ան Զեւսի եւ Դիոնէի դուստրն է: Հայկական դիցաբանութեան մէջ անոր համարժէքն է սիրոյ եւ մայրութեան աստուածուհին՝ Աստղիկը:
Աֆրոտիթի պաշտամունքը տարածուած է ոչ միայն Յունաստանի մէջ, այլեւ Փոքր Ասիոյ եւ մերձ Սեւծովեան յունական գաղութներուն մէջ։ Սկզբնական շրջանին համարուած է պտղաբերութեան (եւ ծովու) աստուածուհի, կրած է փիւնիկեան Աստարտէ աստուածուհիին ազդեցութիւնը, իսկ ողիմպիական դիցարանին մէջ՝ յաւերժ դեռատի եւ գեղեցկագոյն աստուածուհի, որ կ'իշխէ մարդոց եւ աստուածներու սրտերուն, սէր կը պարգեւէ անոնց։ Աֆրոտիթի սիրոյ իշխանութեան կ'ենթարկուէին աստուածներն ու մարդիկ, բացառութեամբ դիցուհիներ Աթենասի, Արտեմիսի եւ Հեստիայի։ Հեփեստոսի կինը եւ Արեսի տափածուն էր։
Անոր նուիրուած են բազմաթիւ մեհեաններ, որոնցմէ աչքի կը զարնէ Կորնթոսի հռչակաւոր տաճարը։ Աֆրոտիթի լաւագոյն արձաններէն Տավրիդեան Աֆրոտիթի արձանը (Ք.Ա. 3-ր դար) կը պահուի Լենինկրատի Հերմիթաժին, իսկ Միլոսեան Աֆրոտիթը (Ք.Ա. 2-րդ դար)՝ Լուվրի թանգարանին մէջ։ Աֆրոտիթ իր պաշտամունքային էութեամբ համանման է հայկական Աստղիկ աստուածուհիին։ Հռոմէական դիցաբանութեան մէջ նոյնացած է Վեներային։
Աֆրոտիթ սովորաբար պատկերուած է գեղեցիկ մերկ կնոջ տեսքով։ Բազմաթիւ նկարիչներ պատկերած են գեղեցկուհին ծովուն մէջ՝ մեծ խեցիի վրայ կանգնած։
Առասպելաբանութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աֆրոտիթ ամուսնացած էր Հեփայստոսին հետ, որ կը պաշտէր իր գեղեցկուհի կինը եւ բազմաթիւ նուէրներ կ'ընէր անոր: Սակայն Աֆրոտիթ յաճախ կը դաւաճանէր իր կողակիցը: Անոր սիրավէպերէն ամէնէն նշանաւորը՝ պատերազմի աստուած Արէսի հետ ունեցած սիրավէպն է:
Մահկանացու Սիրեկաններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աֆրոտիթի սիրեցեալներէն էր մահկանացու Կիպրոսի արքային որդին՝ Ատոնիսը: Ստորերկրեայ աշխարհի աստուած Հադեսի կինը՝ Պերսեփոնէն, նոյնպէս սիրահարած էր Ատոնիսին, եւ երբ վերջինս կը նախընտրէ գեղեցկուհի Աֆրոտիթը, Պերսեփոնէն, նախանձէն բորբոքած, Աֆրոտիթին սիրավէպը կը յայտնէ Արէսին: Զայրացած Արէս վայրի վարազ մը ազատ արձակելով կը ղրկէ Ատոնիսին վրայ: Անասունը կը սպաննէ Ատոնիսը, որ դժոխք կ'երթայ ուր իրեն կը սպասէր Պերսեփոնէն: Աֆրոտիթ կ'երթայ Զեւսին քով եւ անկէ կը խնդրէ իր սիրեցեալին վերադարձը: Զեւս հետեւեալ որոշումը կը կայացնէ. Ատոնիս տարուան կէսը պիտի ըլլայ մեռեալներու աշխարհին՝ Պերսեփոնէի հետ, միւս կէսն ալ՝ Աֆրոտիթի քով:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 (unspecified title)
- ↑ 2,0 2,1 2,2 Диона // Энциклопедический словарь — СПб.: Брокгауз — Ефрон, 1893. — Т. Xа. — С. 755.