Ափրիկէի Երաժշտութիւն
Ափրիկեան երաժշտութիւն, ափրիկեան ցամաքամասի ժողովուրդներուն յատուկ երաժշտութիւն մը:
Ափրիկէի երաժշտական գործիքները ոչ միայն կ'օգտագործուին երաժշտութիւն ստեղծելու համար, այլեւ՝ կ'օգտագործուին հոգեկան հաղորդակցութեան համար, թարգմանելով ու արտայայտելով ամէնօրեայ փորձառութիւններ եւ իրադարձութիւններ:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ափրիկեան ցամաքամասին վրայ կ'ապրի աւելի քան 1200 մլն. հոգի, որոնք կը խօսին հազարաւոր լեզուներ։ Այս ցամաքամասը կ'առանձնանայ իւրայատուկ հարուստ երաժշտական երանգապնակով մը, որ պայմանաւորուած է ափրիկեան մշակոյթի եզակի բազմազանութեամբ։
«Ափրիկեան երաժշտութիւն» արտայայտութիւնը սովորաբար կը վերաբերի ցամաքամասին կեդրոնական, արեւմտեան եւ հարաւային մասերու ժողովուրդներու երաժշտական արուեստին։
Պատմականoրէն քանի մը գործօններ ազդած են Ափրիկէի աւանդական երաժշտութեան վրայ: Երաժշտութիւնը կրած է լեզուին, միջավայրին, տարբեր մշակոյթներուն, քաղաքականութեան, ժողովրդագրութեան ազդեցութիւնը եւ վերը նշուած բոլորը միախառնուած: Ափրիկեան իւրաքանչիւր խումբ զարգացած է ցամաքամասին տարբեր տարածաշրջանի մը մէջ, որ կը նշանակէ, թէ անոնք կ'ուտէին տարբեր սնունդ, կը հանդիպէին տարբեր կլիմայական պայմաններու եւ տարբեր շփումներ կ'ունենային տարբեր խումբերու հետ: Իւրաքանչիւր խումբ կ'ենթարկուէր տարբեր մարդոց եւ հանգամանքներու ազդեցութեան[1]:
Ափրիկեան երաժշտութիւնը կը սահմանափակուի կրօնական կամ ծիսական առիթներով, միւսները կ'օգտագործուին աւելի աշխարհիկ ձեւով՝ զուարճանքի համար: Գործիքները կը տարբերին չափերով եւ բարդութեամբ՝ ձեռքի առարկաներէն մինչեւ բազմաթիւ մասերէ կառուցուած մեծ, մշակուած սարքեր, նոյնիսկ այսօր անոնք պատրաստուած են բնական նիւթերէ՝ հնագոյն ձեւերով:
Կշռոյթ եւ Մեղեդի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ափրիկեան երաժշտութիւնը ունի յատուկ կշռոյթ (Rhythm), որ կ'իրագործուի հարուածային նուագարաններով: Երգերու պարզ մեղեդիները կը հարստանան բարդ ռիթմիք բաբախումներով, որոնք ունկնդիրները կը մղեն պարի ու երգի:
Ափրիկեան ժողովրդային երգային երաժշտութեան ամէնէն տարածուած ոճը անուանակոչն է, երբ մենակատարն ու երգչախումբը յաջորդաբար կ'երգեն հարցում-պատասխանի ձեւով:
Ափրիկեան եւ արեւմտաեւրոպական ձայնաշարերը եւ (interval)ները ունին բազմաթիւ ընդհանրութիւններ, որոնց պատճառով ափրիկեան երաժշտութիւնը աւելի հասկնալի է Արեւմուտքի ունկնդիրներուն, քան չինականն ու ճափոնականը: Վերջին տասնամեակներուն մեծ զարգացում կ'արձանագրէ ափրիկեան (Popular Music)ը, ուր ափրիկեան աւանդական ոճերն ու ժամանակակից եւրոպական նուագարանները զուգորդուած են, օրինակ՝ «Juju» կամ «High Life» ոճերը:
Ուշագրաւ է իսլամական եւ արաբական երաժշտական աւանդոյթներուն ազդեցութիւնը հիւսիսային եւ արեւմտեան ափրիկեան երկիրներուն մէջ:
Ափրիկեան Թմբուկները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ափրիկէի մէջ թմբկահարները մեծ տարածում ունին: Իւրաքանչիւր համոյթ կ'ընդգրկէ մեծ թիւով կատարողներ եւ կը ղեկավարուի խումբին լաւագոյն երաժիշտին կողմէ:
Ափրիկեան թմբուկներու չափերն ու ձեւերը այլազան են, տարբեր է նաեւ գործածութեան առիթն ու վայրը[2]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Ափրիկեան երաժշտութիւնը
- ↑ «Ափրիկէի Երաժշտութիւն ▪ The complete information and online sale with free shipping»։ Maria Online։ արտագրուած է՝ 25-09-2019[permanent dead link]
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Նարդուհի Էքիզեան- Մարկոսեան, «Երաժշտութիւն», պատմութիւն եւ տեսութիւն, Պէյրութ, 2017։