Կարտեսական Կասկած
Կարտեսական Կասկածը ուղեգծային թերահաւատութեան (Սկեպտիկականութեան) ձեւերէն մէկն է, կապուած «Րընէ Տէքարթ»-ին (Ֆրանսերէն՝ René Descartes 31 Մարտ 1596 – 11 Փետրուար 1650) գրութեանց եւ հետազօտութեան ու մտածելու իր եղանակին հետ։[1][2] Կարտեսական կասկածը նաեւ կը կոչուի Տէքարթական կասկած, Քարթէսական կասկած, Կարտեսական թերահաւատութիւն, ուղեգծային (մեթոտական) կասկած, Հետեւողբանական կասկած, Ընդհանրական կասկած, Կանոնաւոր կասկած, Չափազանձական կասկած (Անգլերէն՝ Hyperbolic Doubt)։
«Տէքարթական Կասկած»-ը կանոնաւոր ու համակարգուած գործընթաց մըն է, անձնական համոզումներուն ճշմարիտութեան հանդէպ թերահաւատ ըլլալու (կամ կասկածելու) զոր փիլիսոփայութեան մէջ դարձած է յատկանշական եղանակ մը։[3] Յաւելուածաբար, Տէքարթին եղանակը շատերու կողմէն կը համարուի արդի գիտական եղանակին աղբիւրը։ Կասկածի այս եղանակը արեւմտեան փիլիսոփայութեան մէջ ժողովրդականացուեցաւ «Րընէ Տէքարթ»-ին կողմէն, ով կը ջանար կասկածիլ բոլոր հաւատալիքներուն ճշմարտութիւնը, վճռելու համար թէ անոնցմէ որ մէկուն ճշմարիտ ըլլալուն վստահ կրնար ըլլալ։ Ասիկա է Տէքարթական խօսքի «Ես կը մտածեմ, ապա ես կամ (բառացի՝ ես եմ)» (Լատիներէն՝ "Cogito ergo sum") խարիսխը: Այս ասքի աւելի ամբողջական տարբերակը․ «Ես կը կասկածիմ, ապա ես կը մտածեմ։ Ես կը մտածեմ, ապա ես գոյ եմ» (Լատիներէն՝ "dubito ergo cogito, cogito ergo sum")։ "Sum"-ին «գոյ եմ» («գոյութիւն ունիմ») թարգմանութիւնը կը ներկայացնէ այս արտայայտութեան շատ աւելի լայն ու յստակ իմաստը։
«ՈՒղեգծային թերահաւատութիւն»-ը (Անգլերէն՝ methodological skepticism) զատորոշելի է «իմաստասիրական թերահաւատութենէն» (Անգլերէն՝ philosophical skepticism) այն բանով որ առաջինը մօտեցում մըն է որ քննութեան ու մանրախուզութեան կ՛ենթարկէ գիտութեան բոլոր պնդումները, մինչդեռ փիլիսոփայական թերահաւատութիւնը մօտեցում մըն է որ հարցականի տակ կը դնէ ստոյգ գիտութեան հնարաւորութիւնը։[4]
Յատկանիշներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կարտեսական կասկածը ուղեգծային է (մեթոտաբանական)։ Անիկա կը գործածէ կասկածը որպէս ստոյգ գիտութեան աղբիւր, բացայայտելով անիկա ինչ որ կարելի չէ կասկածի ենթարկել։ Մասնաւորապէս զգայական տուեալներուն սխալականութիւնը Կարտեսական (Տէքարթական) կասկածի առարկա է։
Մարիօ Պանժը (Mario Bunge) կը պնդէ թէ ուղեգծային թերահաւատութիւնը կանխաւ կ՛ենթադրէ թէ գիտական տեսութիւններն ու եղանակները կը բաւարարեն կարգ մը փիլիսոփայական պահանջներ՝ գաղափարապաշտութիւն (idealism), նիւթապաշտութիւն (materialism), իրապաշտութիւն (realism), բանապաշտութիւն (rationalism), փորձառապաշտութիւն (empiricism), եւ համակարգապաշտութիւն (systemism), եւ կ՛ըսէ թէ գիտութեան տուեալներն ու ենթադրութիւնները (վարկածները) համակարգ կամ դրութիւն մը կը հիմնէն։[5]
Ուղեգիծն ու Գործելակերպը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տէքարթին անդրաձգական կամ չափազանցական կասկածի եղանակը կը ներառէ[6]՝
- Ընդունիլ միայն այն տեղեկութիւնը որ դուք գիտես թէ ճշմարիտ է,
- Այս ճշմարտութիւնները Քակել ու բաժնել աւելի փոքր միաւորներու,
- Նախ լուծել ամէնէն պարզ խնդիրը,
- Հետագայ խնդիրներու կատարեալ ցանկերու կազմում։
Չափազանձական կասկածը (Անգլերէն՝ Hyperbolic Doubt) կը նշանակէ ունենալ կասկածելու հակում, քանի որ կասկածի ծայրայեղ ու չափազանցեալ կերպն է։[7] Գիտութիւնը կամ իմացութիւնը Կարտեսական հասկացողութեամբ կը նշանակէ բան մը գիտնալ որ դուրս է ոչ միայն ողջամիտ կասկածէն, այլ բոլոր հնարաւոր կասկածներէն։
1641-ին հրատարակուած իր «Մտախոհութիւններ Առաջին Փիլիսոփայութեան Մասին» գիրքին մէջ, Տէքարթը որոշեց կանոնաւոր եւ համակարգուած կերպով կասկածիլ թէ իր համոզումներէն եւ հաւատալիքներէն ոեւէ մէկը ճշմարիտ էր, որպէսզի զէրոյէն կառուցէ համոզումներու դասաւորութիւն մը եւ համակարգ մը բաղկացած միայն ստուգապէս ճշմարիտ համոզումներն ու հաւատալիքները։ Իր վերջնական նպատակը, կամ առ նուազն իր գլխաւոր նպատակը գիտութեանց համար անկասկածելի հիմքեր ճարելն էր։ Ի մտի ունենանք «Մտախոհութիւններ»-ուն յառաջաբանին մէջ Տէքարթին խօսքերը․
«Արդէն մի քանի տարի անցած է այն ատենուընէ երբ գիտակցեցայ թէ ես ընդունած էի, անգամ իմ պատանեկութենէս, բազում կեղծ կարծիքներ որպէս ճշմարիտ։ Եւ հետեւաբար այն ինչ որ այդկէ ետք նոյնօրինակ սկզբունքներու վրայ հիմնեցի, մեծապէս կասկածելի է։ Եւ այդ ժամանակէն ի վեր, ես համոզուեցայ թէ շատ հարկաւոր է կեանքիս մէջ մէկ անգամ ձերբազատուիմ իմ որդեգրած բոլոր կարծիքներէն, եւ վերստին ձեռնարկել խարիսխէն կառուցելու աշխատանքը»։ — Տէքարթ, Առաջին Մտախոհութիւն, 1641
Տէքարթին Եղանակը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ռընէ Տէքարթը, Կարտեսական (Տէքարթական, Քարթեսական) կասկածի գտակը, բոլոր համոզումները, հաւատալիքները, գաղափարներն ու մտքրեը դրաւ կասկածի տակ։ Ան ցոյց տուաւ, որ իր հիմքերը կամ դատողութիւնները ոեւէ գիտութեան համար կարող են նոյնքան սխալ ըլլալ։ Զգայական փորձը, գիտութեան հիմնական կերպը, յաճախ թիւր է, ուստի պէտք է կասկածի տակ դրուի։ Օրինակի համար այն ինչ որ մէկը կը տեսնէ շատ հաւանական է որ տեսլահարութիւն ըլլայ ու ցնորք։ Խօսքին կարճը, եթէ ոեւէ ձեւով մը կարելի է համոզմունք մը հերքել, ապա ատոր հիմքերը անբաւական են։ Ասկից, Տէքարթը երկու առարկութիւն ու փաստարկութիւն առաջադրեց «Երազ»-ը եւ «Դեւ»-ը։[8]
«Երազ»ին Փաստարկը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տէքարթը, գիտակցելով թէ մեր երազներուն համաբնագիրը (քօնթէքսթ), մինչ թերեւս անհաւատալի ըլլան, յաճախ իրական կեանքին նման են, ենթադրեց թէ մարդիք միայն կրնան հաւատալ թէ արթուն են։[9] Բաւական հիմքեր չկան երազի փորձառութիւնը արթնութեան փորձառութենէն զանազանելու։ Օրինակի համար Ա Ենթական համակարգչին առջեւը նստած սոյն յօդուածը կը տառագրէ։ Նոյնքան փաստ կայ որ ցոյց կու տայ թէ սոյն յօդուածին գրաշարումի գործողութիւնը իրականութիւն է, ինչքան փաստ կայ որ հակառակը կը ցուցարկէ։ Տէքարթը ընդունեցաւ թէ մենք կ՛ապրինք այնպիսի աշխարհի մը մէջ զոր կարող է ստեղծել այնպիսի գաղափարներ ինչպէս երազներն են։ Սակայն, «Մտախոհութիւններուն» աւարտին, ան կ՛եզրափակէ ըսելով թէ մենք կրնանք զանազանել երազը իրականութենէն նուազագոյնը յետահայեացքով։[10]
«Բայց երբ ես յստակօրէն կը տեսնեմ թէ ուրկէ կու գան բաները, եւ երբ կու գան դէպի զիս, եւ երբ կրնամ կապել անոնց մասին իմ հասկացողութիւնները, մնացած կեանքիս ամբողջականութեան հետ, առանց ընդմիջումի, ապա ես լիուլի չափով վստահ եմ թէ երբ ընդառաջեմ այս բաները ես քնացած չեմ այլ արթուն»։ — Տէքարթ․ Փիլիսոփայական Գրութիւններու Ընտրանիներ։[11]
Չար Դեւը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Չար դեւը, կամ Չար Ոգին, կամ Չար Այսը։ Տէքարթը կը պատճառաբանէ թէ մեր անձնական փորձառութիւնը շատ հաւանական է որ կը ղեկավարուի տեսակ մը «Չար դեւ»-ի մը կողմէն։[12] Այս «դեւը» ինչքան խելացի եւ Խաբեպատիր է նոյնքան ալ հզօր է։ Անիկա կրնա ըլլալ ստեղած է Մակերեւութային աշխարհ մը որուն մէջ մեզի կը թուի թէ կ՛ապրինք։[1] Այս կասկածին արդիւնքով, զոր երբեմն կը կոչուի «Չարակամ Դեւին Վարկած»-ը, (Անգլերէն՝ Malicious Demon Hypothesis), Տէքարթը պարզեց թէ ան չէր կրնար վստահիլ անգամ իր ամէնապարզ հասկացողութիւններուն։[13]
Ա Մտախոհութեան մէջ, Տէքարթը կ՛ըսէ եթէ մարդը խելագար ըլլայ, թէկուզ կարճ ժամանակուայ մը համար, խելագարութիւնը կարող է անոր մղել հավատալու թէ այն ինչ որ կը կարծէր թէ ճշմարիտ է, պարզապէս զինքը խաբող իր միտքն է։ Ան նաեւ կ՛ըսէ թէ կրնար «ոմն չարակամ, զօրեղ, խորամանկ դեւ մը» ըլլալ որ զմեզ խաբած էր, մեզի ճիշդ դատելէն մէկդի դարձնեկով։ [14]
Տէքարթը կ՛առարկէր թէ իր բոլոր զգայութիւնները կը ստէին, եւ քանի որ քու զայականներդ կրնան դիւրաւ զքեզ խաբել, անսահմանօրէն հզօր էութեան անոր գաղափարը պէտք էր ճիշդ ըլլար, քանի որ այդ գաղափարը միայն յանհունս հզօր էութեան մը կողմէն կրնար այդտեղ հաստատուած ըլլալ ով խաբէութեան ոչ մէկ պատճառ պիտի ունենար։[15]
Ես կը մտածեմ, ուստի գոյ եմ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մինչ ուղեգծային ու կանոնաւոր կասկածը ունի իր բնոյթը, պէտք չէ պնդել թէ անկարելի է կասկածի եղանակը անհնար է կիրառել գիտութեան մէջ։[16] Իսկապէս, Տէքարթին փորձը կասկածի այս ուղեգիծը գործադրելու իր գոյութեան վրայ, ծնունդ տուաւ անոր յայտնի ասացուածքի ապացոյցին՝ Gogito, ergo sum, Ես կը մտածեմ, ուստի ես կամ (բառացի՝ ես եմ)։ Այսինքն Տէքարթը փորձեց կասկածի տակ դնել իր իսկ գոյութիւնը, բայց գտաւ որ նոյնիսկ իր կասկածիլը ցոյց տուաւ որ ան գոյութիւն ունէր, քանի որ ան չէր կրնար կասկածիլ եթէ գոյութիւն չունէնար։[17]
Տե՛ս Նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 Scruton, R., Modern Philosophy: An Introduction and Survey (London: Penguin Books, 1994).
- ↑ Leiber, J., ed., A Philosophical Glossary, Philosophy Department, University of Houston, 2001, p. 88.
- ↑ Marmysz, J., The Path of Philosophy: Truth, Wonder, and Distress (Boston: Wadsworth, 2012), p. 403.
- ↑ Guite, H., Confessions of a Dying Mind: The Blind Faith Of Atheism (London: Bloomsbury Publishing, 2017), p. 354.
- ↑ Bunge, Mario (Summer 1992). "The Scientist's Skepticism". Skeptical Inquirer. Amherst, New York: Center for Inquiry. pp. 377–380. Archived from the original on 12 September 2021. Retrieved 12 September 2021.
- ↑ Griffith, J., Fable, Method, and Imagination in Descartes (London: Palgrave Macmillan, 2018), pp. 67–70.
- ↑ Skirry (2006), p. 115.
- ↑ Scruton, R. (2012). Modern Philosophy: An Introduction and Survey. Bloomsbury Publishing. pp. 33–36. ISBN 978-1-4482-1051-0.
- ↑ Stone, J., "Dreaming and Certainty", Philosophical Studies 45, 1983, pp. 353–368.
- ↑ Scruton, R., Modern Philosophy: An Introduction and Survey (London: Penguin Books, 1994), p. 538.
- ↑ Descartes, René (1988-02-26). Descartes: Selected Philosophical Writings. Cambridge University Press. p. 122. ISBN 9780521358125.
- ↑ Revonsuo, A., Consciousness: The Science of Subjectivity (Milton Park: Taylor & Francis, 2010), pp. 50–52.
- ↑ Chung, M. C., & Hyland, M. E., History and Philosophy of Psychology (Hoboken: Wiley-Blackwell, 2012), p. 66.
- ↑ Sosa, E., Steup, M., & Dancy, J., eds., A Companion to Epistemology (Hoboken: Wiley-Blackwell, 2010), p. 308.
- ↑ Dicker, G., Descartes: An Analytical and Historical Introduction (Oxford: Oxford University Press, 2013), p. 16.
- ↑ Nadler, S., Schmaltz, T. M., & Antoine-Mahut, D., eds., The Oxford Handbook of Descartes and Cartesianism (Oxford: Oxford University Press, 2019), p. 83.
- ↑ Scruton, ibid., p. 56.