Jump to content

Լուսանկարչութիւն

07:52, 15 Օգոստոս 2024ի տարբերակ, Maral Dikbikian (քննարկել | Ներդրումներ)ի կողմէ
(տարբ.) ←Նախորդ տարբերակ | Վերջին տարբերակ (տարբ.) | Յաջորդ տարբերակ→ (տարբ.)
Սովետական հանրաճանաչ Զենիթ լուսանկարչական գործիք

Լուսանկարչութիւն, պատկերներու ստեղծման եւ պահպանման աշխատանք՝ լուսային կամ այլ ելեկտրամագնիսական ճառագայթներու արձանագրութեան միջոցով։ Ցուցադրութեան ընթացքին մարմիններու կողմէ արձակուած կամ վերադարձուած լոյսի ճառագայթները կը պահպանուին լուսազգայուն մակերեսի (ժապաւէն, թուղթ կամ յիշողութեան ֆիզիքական կրողներ՝ սենսորի) վրայ։ Լուսանկարչութիւնն ունի արուեստային, ընկերային, գիտական կիրառութիւններ։

Ստուգաբանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լուսանկարչութիւն բառի համարժէքը՝ "photography" (Յուն․ phōtos՝ լոյս եւ γραφή՝ գծային պատկերում, նկարչութիւն)[1] կիրառութեան մէջ մտած է Սըր Ճոն Հերշելի Լոնտոնի Թագաւորական Միութեան մէջ կարդացած դասախօսութեան շնորհիւ, 14 Մարտ 1839-ին։ Սակայն նոյն թուականի 25 Փետրուարին գերմանական «Վոսիշէ Ցայտունգ» (Vossische Zeitung) թերթի հրատարակած յօդուածին մէջ, գերմանացի աստղագէտ Եոհան ֆօն Մետլեռը օգտագործած էր այդ բառը։[2] Յայտնի է նաեւ, որ դեռեւս 1834-ին լուսանկարչութեան անկախ յայտնագործող Անթուան Հերկիւլ Ֆլորանս իր աշխատանքը անուանած է photographie (ֆրանսերէն):[3]

1920-ականներ՝ Նկարահանման սեանս ֆոթոսթուտիայի մէջ

Լուսանկարչութիւնը կը համարուի տարրաբանութեան եւ բնագիտութեան բնագաւառներու մէջ եղած շարք մը յայտնագործութիւններու համադրման արդիւնք։ Քիմիայի բնագաւառին մէջ առաջնային էին Ալպերթուս Մակնուսի եւ Ճորճ Ֆապրիցիուսի կողմէ, համապատասխանաբար՝ արծաթի նիտրատի ու արծաթի քլորիտի յայտնաբերումը, Ուիլյըմ Հոմբերկի եւ Եոհան Հէյնրիխ Շուլցէի արծաթի որոշ աղերու լուսազգայուն ըլլալու մասին նկարագրութիւնները։ Ֆիզիքայի բնագաւառին մէջ կարեւոր էին դեռեւս Արիստոտէլի գրառումներէն յայտնի կամերա օպսկուրայն (camera obscura, լատ.` մութ խցիկ), ատոր հիմքի վրայ Ուիլեամ Հայտ Ուոլաստօնի կողմէ ստեղծուած գամերա լուչիդան (camera lucida, լատ.` լուսաւոր խցիկ) եւ ոսպնեակներու կատարելագործումը։

Ֆոթոլրագրողներ: 2008 թուական

Ֆրանսացի նկարիչ եւ քարտէսագրող Անթուան Ֆլորանսը, ժամանակագրական առումով առաջինը յայտնաբերած է լուսանկարչական աշխատանքը, թէեւ այդ յայտնի դարձած է միայն 1930-ականներուն։[3] 15 Յունուար 1833-ին (3 տարի աւելի կանուխ, քան՝ լուսանկարչութեան արտօնութեան պաշտօնական տարեթիւը) ան իր օրագրին մէջ մանրամասնօրէն կը նկարագրէ պատկերի ստացումին եւ հաստատելուն լուսանկարչական արուեստագիտութիւնը։ Ֆլորանսը իր յայտնագործութիւնը կը կոչէ «ֆոթոկրաֆի» (photographie

Դագերատիպ գործիք
Բնանկար՝ օպկուրի խցիկի միջոցով

Դեռեւս հին ժամանակներէն մարդիկ փափաքած են ստանալ որեւէ առարկայի իրական պատկերը։ Իսկ Լէօնարտօ տա Վինչին գծած է լուսանկարչական գործիքի նախատիպը, որ կը կոչուէր օպսկուր գամերա։ Այն թարգմանաբար կը նշանակէ "մութ սենեակ"։ Այս գործիքի սկզբունքը կը կառուցուի ստուերներու օգտագործման վրայ։ Կազմուած է ընդամէնը փայտի արկղէն, որու դիմաց կը տեղադրեն որեւէ առարկայ եւ առարկան կը լուսաւորուի պայծառ լոյսով։

Առարկայի ստուերը կ'անցնի արկղի անցքով եւ կը պատկերուի արկղի ետեւի պատին։ Այս ձեւը կ'օգտագործուի մինչեւ հիմա, մասնաւորապէս նկարիչներու մօտ։ Բայց ասիկա դեռ իրական պատկերը չէ։ Առհասարակ լուսանկարչութեան ծնունդը կը համարուի 7 Յունուար 1839 թուականը, երբ ֆրանսական գիտութիւններու ակումբը հաստատեց նոր գիտութեան ծնունդը։

Ատոր հիմք ծառայած էր լոյսի ազդեցութեան միջոցով արծաթէ թիթեղի վրայ իրական պատկերի ստացումը, այդ պատճառով ալ կոչուեցաւ ֆոտոկրաֆիա։ Ֆոտօ-լոյս, կրաֆիա-նկարչութիւն։ Առաջին լուսանկարչական գործիքները կոչուեցան դագերատիպ՝ ֆր. գիտնական Լուի Դագեր անունով, որ կը համարուի առաջին լուսանկարչական գործիքներ ստեղծողներէն մէկը։ Լուսանկարչութեան ստեղծումին նպաստած են քանի մը կարեւոր յայտնագործութիւններ։

  1. Օրինակ՝ առաջին օրինակը ստեղծուած է 1812-ին եւ կը կոչուի մենիսկ։ Բաղկացած է մէկ դրական ոսպնեակէն։
  2. Արծաթի յայտնագործումը որպէս լուսազգայուն նիւթ։
  3. Քիմիական մշակումը (проявка)
Պահպանուած հին լուսանկար․ «Տեսարան Լէ Կրասի պատուհանէն», 1826 թուական

Առաջին լուսանկարչական գործիքները իրենց կառուցուածքով կը յիշեցնէին օպսկուր գամերա։ Անիկա նոյնպէս կազմուած էր լուսաթափանց արկղէ, որուն վրայ արդէն կար օրինակը։ Վերջինս կը կառուցէ պատկերը եւ կը փոխանցէ արկղին մեջ տեղադրուող արծաթէ թիթեղին վրայ։ Նկարը ստանալու ժամանակ թիթեղին վրայ կը ստացուի իրական փոքրացած եւ շրջուած պատկեր, որովհետեւ իւրաքանչիւր օպտիկական դրութիւն՝ ինչպէս նաեւ օրինակը կը կառուցուի շրջուած պատկերով։

Դագերատիպի աշխատանքային սկզբունքները հետեւեալներն են՝ պատկերը լաւ կը լուսաւորուի, որովհետեւ առաջին լուսանկարչական թիթեղները ունէին շատ ցած լուսազգայնութիւն։ Օրինակ՝ կառուցած պատկերը կը ցուցադրուի դագերատիպի ետեւի պատին, որ բաղկացած էր կաթնագոյն ապակիէ։ Նկարը ստանալէն առաջ ապակին կը հեռացուի եւ տեղը կը դրուի նկարի թիթեղ, որուն վրայ կը կատարուի լուսանկարումը։

Տալպոտի՝ «Լեկոկ աբբայութեան պատուհան» առաջին լուսանկարի թղթային նեկաթիւ, 1835 թուական

Առաջին լուսանկարչական թիթեղները կը պատրաստուէին արծաթէ, որ շատ հարթ մշակելէն ետք մութ սենեակին մէջ կը տեղադրուէին եոտով լեցուն ափսէի վրայ։ Ափսէն կը տաքցնէին եւ եոտի գոլորշիները, նստելով արծաթէ թիթեղի վրայ, կ'առաջացնէին լուսազգայուն միացութիւն։ Թիթեղը կը տեղադրէին սենեակին մէջ յատուկ սկաւառակի մէջ եւ նկարահանման ժամանակ կը տեղադրուի գործիքի վրայ։ Թիթեղով կարելի էր նկարել մէկ լուսանկար։ Ետքը արծաթէ թիթեղը կ'ենթարկէին տարրաբանական մշակման։ Նկարահանման նոյն սկզբունքը կ'օգտագործուի շարժանկարին մէջ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. φάος, Henry George Liddell, Robert Scott, A Greek-English Lexicon, on Perseus
  2. Eder J.M (1945) [1932]։ History of Photography, 4th. edition [Geschichte der Photographie]։ New York: Dover Publications, Inc.։ էջեր 258–259։ ISBN 0-486-23586-6 
  3. 3,0 3,1 Boris Kossoy (2004)։ Hercule Florence: El descubrimiento de la fotografվa en Brasil։ Instituto Nacional de Antropologվa e Historia։ ISBN 968-03-0020-X 

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]