Jump to content

Լաթեքս (Կաթնահիւթ)

Լաթեքս (Կաթնահիւթ) ձգախէժ է: Սովորաբար անոր յիսունհինգ տոկոսը ջուր է եւ շուրջ քառասուն տոկոսը` ձգախէժէ պատրաստուած նիւթ մը[1]:

Լաթեքսը փափուկ, ճերմակ նիւթ մըն է, որ կը գտնուի հասուն ձգախէժի ծառի կեղեւին տակ: Լաթեքսը բնական նիւթ մըն է, նկատի առած անոր վերջնական կարծրութիւնն ու զգացողութիւնը, որոնք կ'երեւին անիւներու, ձգախէժէ ձեռնոցներու եւ թենիսի կօշիկներու մէջ:

Ճշմարտութիւնն այն է, որ լաթեքսը, ըստ էութեան, կու գայ բնութենէն: Նախքան զայն մշակելը, ձգախէժ կաթեցնողները (rubber tappers) լաթեքս կը հաւաքեն ծառերէն` օգտագործելով ձեւ մը, որ փոխանցուած է սերունդէ սերունդ:

Բնական ձգախէժէ լաթեքսին մեծ մասը կու գայ ձգախէժի ծառի մէկ տեսակէն: Տարբեր ծառերու լաթեքսի բաղադրութիւնը կը տարբերի, բայց ամէնէն տարածուածը Հարաւային Ամերիկայինն է: Ծառը կը ծաղկի նաեւ հարաւարեւելեան Ասիոյ տնկարաններուն մէջ:

Լաթեքսը կը գոյանայ այս ձգախէժի ծառերու կեղեւին տակ: Երբ զայն կաթեցնողները կը հանեն կեղեւը, անոնք կը խծբծեն բոյսերուն խողովակները` դուրս բերելու համար լաթեքսը` կաթնային սպիտակ այդ նիւթը: Այնտեղէն անոնք կրնան հաւաքել լաթեքսը եւ ուղարկել զայն` մշակման համար:

Կաթնահիւթ

Կաթնահիւթի Բերքահաւաքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լաթեքսի (Կաթնահիւթ)ի բերքահաւաքին գործընթացը կը սկսի, երբ ձգախէժի ծառը հասուննայ, այսինքն երբ անիկա շուրջ հինգ տարեկան ըլլայ: Այս շրջանին ծառը կ'արտադրէ ձգախէժ:

Ձգախէժ արտահանելու համար համապատասխան անձեր կը հանեն ծառի կեղեւէն բարակ շերտեր: Այդպիսով կը խաթարուին լաթեքս պարունակող բոյսերուն խողովակները: Այս ծորաններու խաթարումը թոյլ կու տայ լաթեքսին` հոսելու ակօսներու միջոցով: Լաթեքսը այսպիսով կը հաւաքուի մեծ գաւաթներու մէջ:

Կաթնահիւթի Հեղուկին վերամշակումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ձգախէժի մշակման գործընթացը կը սկսի բերքահաւաքի պահէն, երբ անոնք կը քամեն ձգախէժի ծառերէն լաթեքսային հիւթ:

Այնուհետեւ ընկերութիւնները կը զտեն լաթեքսը, որպէսզի զայն աւելի ուշ հաւաքեն մեծ տակառներու մէջ` յաջորդ հանգրուանին պատրաստելու համար:

Երբ լաթեքսը պատրաստ է վերածուելու ձգախէժէ «ապխտած» կտորներու, ընկերութիւնները թթու կ'աւելցնեն լաթեքսին: Այս մէկը հեղուկը կը վերածէ խուրձերու (clumps): Այնուհետեւ խուրձերը թիթեղներու մէջ դնելով` կ'աղան ջրաղացով: Այդպիսով ջուրը կը հանեն անկէ, եւ ելած թերթերը կարելի կ'ըլլայ չորցնել եւ «ապխտել»:

Վերջապէս, լաթեքսը կը դառնայ նախածծմբարկուած: Նախածծմբարկումը կը ներառէ քիմիական գործողութիւններ եւ մեղմ տաքացում` ցած ջերմաստիճաններու վրայ: Երբ լաթեքսը նախածծմբարկուած է, զայն տեղափոխելը աւելի յարմար կը դառնայ: Աւելի շատ տաքցնելով` նիւթը արդէն կրնայ վերածուիլ սովորական ձգախէժի:

Արհեստական Կաթնահիւթ (Լաթեքս)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վստահաբար ոչ բոլոր լաթեքսները բնական են: Որոշ լաթեքսներ արհեստական են եւ բաղկացած` քարիւղէն ստացուած քիմիական նիւթերէ: Այս քիմիական նիւթերը կ'օգտագործուին մշակելու համար արհեստական ձգախէժի փոլիմերներ, որոնք կը հաւաքուին եւ կը չորցուին, այնուհետեւ կը տեղափոխուին արտադրական գործարան:

Արտադրական գործարանին մէջ արհեստական ձգախէժի փոլիմերները կը խառնուին: Երբեմն անոնց կ'աւելցուին լրացուցիչ բաղադրիչներ` ըստ արհեստական ձգախէժի վերջնական արտադրանքին:

Գործարանը կը գլորէ ձգախէժը` անոնցմէ կազմելով թերթեր, զորս կը կտրէ հետագայ մշակման համար: Արհեստական մշակման ամէնէն տարածուած ձեւերն են[2].

  • Արտամղումը (extrusion)
  • Ներարկումով ձուլումը (injection molding)
  • Ճնշումով ձուլումը (compression modling)

Արտամղման ատեն ձգախէժի փոլիմերային միացութիւնը կը դրուի արտամղիչին մէջ, որ կը տաքցնէ նիւթը եւ կը սեղմէ զայն: Այդ մէկը տեղի կ'ունենայ արտամղիչի տակառին եւ պտուտակին միջոցով: Այնուհետեւ փոլիմերային միացութիւնը փոքր բացուածքի միջոցով անցնելով` կը ծծմբարկուի կամ կը մշակուի:

Ներարկումով ձուլումը կը ներառէ ձգախէժի շերտերու խառնում: Բարձր ճնշում գործադրելով` շերտերը ստիպողաբար կը մտնեն կաղապարի մէջ, ուր տաքութիւնը կը ծծմբարկէ ձգախէժը:

Ճնշումով ձուլումը կը սկսի ձգախէժի միացութեան նախնական վիճակէն: Այդ տձեւ վիճակը կը ձեւաւորուի կաղապարի մէջ` սեղմումով, ճնշումով եւ ծծմբարկումով:

Լաթեքսային Նիւթին Յատկութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վերամշակումէն ետք լաթեքսը սքանչելի ձգախէժէ նիւթ մը կը դառնայ:

Լաթեքսը նշանաւոր է իր առաձգական յատկութիւններով, ինչպէս նաեւ` պատռուելու դիմադրութեամբ: Ամէնէն տարածուած յղկիչ նիւթերը չեն վնասեր լաթեքսը:

Ցած ջերմաստիճանը սպառնալիք մը չէ, բայց բարձր ջերմաստիճանը կրնայ խնդիր յառաջացնել: 82 աստիճանէն բարձր` լաթեքսի մաշում կրնայ սկսիլ: Կարելի է աւելցնել յաւելեալ քիմիական նիւթեր` լաթեքսը ջերմութենէն, արեւի լոյսէն եւ թթուածինէն պաշտպանելու համար:

Նախընտրելի է նաեւ լաթեքս չօգտագործել քարիւղի արտադրանքներու եւ լուծիչներու հետ միասին: Անոնք կրնան վտանգել զայն:

Լաթեքսի Գործածութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լաթեքսը ունի կիրարկութիւններու լայն տեսականի` սկսեալ առօրեայ իրերէն մինչեւ աւելի մասնագիտացուած կիրարկութիւններ:

Բնական ձգախէժէ լաթեքսը աւելի յաճախ կ'օգտագործուի պատրաստելու համար ձեռնոցներ, լողի գլխարկներ, ծամոններ, ներքնակներ (mattress), հոսափողեր (catether), ապարանջաներ, փուչիկներ եւ այլ առարկաներ:

Արհեստական լաթեքսները տարածուած են ծածկոյթներու (coating) արտադրանքներուն մէջ: Զանոնք կարելի է գտնել նաեւ սոսինձներու մէջ` շնորհիւ լաթեքսի փոլիմերային մասնիկներուն ջուրի գոլորշիացման ժամանակ կարծրանալու ունակութեան: Արհեստական լաթեքս կարելի է աւելցնել նաեւ կրաղիւսին:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Paul G. Mahlberg (1993)։ «Laticifers: an historical perspective»։ The Botanical Review 59 (1): 1–23։ JSTOR 4354199։ doi:10.1007/bf02856611 
  2. Կաթնահիւթը